2017-01-09 14:20:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 եւ 9 Յունուարի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 9 յունուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ ակնարկեց իսկական խաղաղութեան հաստատումի պայմաններուն, ընգծելով թէ կարելի չէ որ իսկական խաղաղութիւն տիրէ եթէ ամէն մին կը միայն սեփական իրաւունքը պահանջէ եւ խնամք չի տանի միւսներու բարիքին։

''Կարելի չէ իսկական խաղաղութիւն ունենալ եթէ իւրաքանչիւր անձ կը պահանջէ միշտ եւ միայն սեփական իրաւունքը, առանց մտահոգուելու ուրիշներու բարիքով'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը 9 յունուարին հրապարակած թութին մէջ, իսկ Կիրակի 8 յունուարի թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հայցեց Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի օգնէ հետեւելու Յիսուսին` սիրոյ եւ հաւատքի ճանապարհին վրայ։

''Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզի օգնէ` հետեւելու Յիսուսին, հաւատքի եւ սիրոյ ճանապարհին վրայ, մեր մկրտութեամբ ուղեգծուած ճանապարհը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.