2017-01-09 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը վերսկսի այցելել Հռոմի ժողովրդապետութիւնները


(Ռատիօ Վատիկան) Դարձեալ սկիզբ կ՝առնեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի ժողովրդապետութիւններուն հովուական այցելութիւնները։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Կրէկ Պուրքի տեղեկացուցած է , թէ Սրբազան Հայրը, 15 յունուար 2017-ին, յետմիջօրէին պիտի այցելէ Հռոմի արուարձանները գտնուող Կուիտոնիա Սեթթէվիլլէ շրջանին  Սանթա Մարիա  ժողովրդապետութիւնը, այսպիսով վերստին սկիզբ կ՝առնեն Նորին Սրբութեան Հռոմի ժողովրդապետութիւններուն հովուական այցելութիւնները,  որ դադրած  էին Յոբելինական արտակարգ սուրբ Տարուան ընթացքին։

Յայտնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ անգամուայ համար կ՝այցելէ  Սանթա Մարիա Տէլ Օրացիոնէ ժողովրդապետութիւն, առաջին անգամ զայն այցելած էր 16 մարտ 2014-ին։

Նշենք նաեւ, թէ  Ողորմութեան Սուրբ տարուան դադարէն առաջ ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի վերջին  այցելութիւնը կատարած էր  Օսթիա շրջանի ՝՝Ռեժինա Փաչիս՝՝ ժողովրդապետութեան ՝ 3 մայիս 2015-ին։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.