2017-01-09 10:05:00

Պաղեստինցի մը Երուսաղէմի մէջ վրայերթի ենթարկեց Իսրայէլացի զինուորներ


Իսրայէլացի 4 զինուորներ սպաննուեցան եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուեցան` պաղեստինցիի մը կողմէ գործադրուած վրայերթի գործողութեան մը պատճառով:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վրայերթի գործողութիւնը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի հարաւը գտնուող Ժապալ Մուքապպեր թաղամասին մօտ գտնուող Արմոն Հանցեֆ բնակեցման վայրին մէջ: Բեռնատարին վարորդը թիրախ դարձուցած է իսրայէլացի զինուորներու փոխադրութեան կեդրոնը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցիին վրայ կրակ բացուած է եւ ան սպաննուած է: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը իր կարգին տեղեկացուց, որ պաղեստինցին Երուսաղէմի բնակիչներէն է, սակայն անոր ինքնութիւնը չբացայայտեց` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը կանխազգուշացուած էր, թէ նման գործողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ուղղուած է գործողութեան հեղինակ պաղեստինցիին տունը եւ ձերբակալած անոր հայրը, մայրը եւ քոյրը: Իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ջնջած է այսօր իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդի երէկ նախատեսուած նիստը:

Պաղեստինեան Իզզէտտին Քասսամ զինեալ խմբաւորումը յայտնեց, որ Երուսաղէմի գործողութեան հեղինակը Ֆատի Քանպարն է: Սակայն Նեթանիահու նշեց, որ նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ ան ՏԱՀԵՇ-ի համակիր մըն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.