2017-01-09 13:04:00

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ցնծութեամբ դիմաւորեց Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը


Շաբաթ, 7 Յունուար 2017-ի երեկոյեան Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ ցնծութեամբ եւ խուռներամ բազմութեամբ դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ըստ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին՝ եկեղեցւոյ մուտքին Հայ Կաթողիկէ Միութեան շեփորախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները: Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, Ալեմշահ երգչախումբի «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով եւ Արհի. Տէր Պետրոս Միրիաթեանին ընկերակցութեամբ, թափօրով ուղղուեցաւ խորան:

Շքախումբին մաս կը կազմէին Կիլիկիոյ Կաթողիկոութեան միաբաններ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի Փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեան:

Գերապայծառ Տէրը բարի գալուստի խօսք արտասանելով ըսաւ. «Փա՜ռք քեզ Աստուած, փա՜ռք քեզ: Այս տարի Յիսուս Մանուկի ծննդեան աստղը փայլեցաւ Հալէպի մէջ: Վեհափառ Տէր, Ձեր շնորհաբաշխ այցելութեամբ ոգեւորեցիք մեզ: Դուք Աստուծոյ տունը եկաք, դուք Ձեր տունը եկաք: Դուք մեր ազգապետն էք, դուք մեր հովուապետն էք: Հինգ տարիներու տագնապը, հրթիռները քանդեցին մեր եկեղեցիներն ու կրթօճախները եւ պատճառ դարձան բամաթիւ հայ զոհերու: Հակառակ այս բոլորին հայ համայնքապետներս ձեռք-ձեռքի տալով շարունակեցինք ու պիտի շարունակենք ծառայել մեր ժողովուրդին»:

Այնուհետեւ Գերապայծառ Տէրը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մանրակերտը՝ ի յիշատակ պատմական այս այցելութեան:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքին հետ այս աննախընթաց հանդիպումին համար ու ըսաւ. «Հալէպի մէջ այս երկու օրերը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցան ինծի համար: Լսած էինք ձեր տագնապին ու տառապանքին մասին, բայց ինչ որ տեսանք շատ աւելի ծանր էր: Երկու օրէ ի վեր Հալէպի հոգեւոր պետերէն կը լսեմ հետեւեալը. «Մենք այստեղ ենք ու պիտի մնանք»: Ասիկա պարզ խօսք մը չէ, այլ՝ հաւատքի, կամքի եւ տեսիլքի արտայայտութիւն է: Ուստի մենք յանձնառու ենք զօրակից կանգնելու ձեզի եւ Հալէպի վերակերտումին»:

Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց տագնապի ընթացքին հալէպահայ համայնքապետներուն միասնակամութիւնն ու ժողովուրդին ծառայելու նուիրական աշխատանքը:

Այնուհետեւ Վեհափառ հայրապետը լանջախաչով մը պարգեւատրեց Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանը:
Հաւատացեալ ժողովուրդը ցնծութեամբ հետեւեցաւ արարողութեան, որ իր աւարտին հասաւ Ալեմշահ երգչախումբին «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.