2017-01-09 13:19:00

''Խաղաղութիւնը պարգեւ է, մարտահրաւէր եւ յանձնառում''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Խաղաղութեան ի խնդիր կրօններու յանձնառումը, զինաթափումի զարգացումը, գաղթականութեան տագնապը, Սուրիոյ մէջ զինադադարը եւ արարչութեան պաշտպանութիւնը, եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած  երկարաշունչ ճառին կարեւոր նիւթերէն։

Երկուշաբթի 9 յունուար 2017-ի առաւօտեան­, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով   Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած 182 երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեանը  երկարաշունչ ճառ մը ուղղեց անոնց որուն սկիզբը,  շեշտը դնելով '' ապահովութեան եւ խաղաղութեան'' նիւթերուն վրայ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մատնանշելով իրենց ներկայացուցած երկիրներու եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ բարեկամական կապերուն ինչպէս նաեւ անցնող տարուան ընթացքին Սուրբ Աթոռի եւ զանազան երկիրներու միջեւ կայացած մի քանի համաձայնութիւններուն։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց մէկ դար առաջ տեղի ունեցած համաշխարհային պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն ինչպէս նաեւ աշխարհի ներկայ կացութեան ուր թէպէտ` խաղաղութեան բերումով տնտեսական զարգացում եւ աննախադէպ բարգաւաճում արձանագրուած է, միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին կ՛ապրին հակամարտութիւններու մէջ ու յաճախ ականատես ենք մահուան պատկերներուն եւ անմեղներու ցաւերուն որոնք օգնութիւն եւ մխիթարութիւն կը հայցեն, այնպէս ինչպէս ականատէս ենք լացին եւ ողբին որոնք յառաջ կու գան ատելութենէն եւ բռնութենէն, եւ գաղթականներու ողբերգական երեւոյթին։

Մեկնելով մի քանի օրեր առաջ տօնախմբուած ''Խաղաղութեան Համաշխարհային 50-րդ օրուան'' նշումէն որ հաստատուած է Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց թէ ''Քրիստոնեաներուն համար խաղաղութիւնը Տիրոջ պարգեւ է, հռչակուած եւ օրհներգուած հրեշտակներու կողմէ Քրիստոսի Ծննդեան պահուն ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'' (Ղուկ 2,14)։

Ան ապա ընդգծեց թէ ''Խաղաղութիւնը պարզապէս պատերազմի բացակայութիւնը չէ` այլ պտուղն է մարդկային  հասարակութեան մէջ Աստուծոյ դրոշմած համակարգին եւ չի կրնար դառնալ լոկ իրարու հակառակ ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան հաստատում, այլ կը պահանջէ` միշտ աւելի կատարեալ արդարութեան ձգտող` բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց յանձնառումը։

''Այս հեռանկարով կը բացայայտեմ իմ վճռակամ համոզումս թէ ամէն մէկ կրօնական արտայայտութիւն կանչուած է զարգացնելու խաղաղութիւնը եւ այս մէկը փորձարկեցի անցեալ Սեպտեմբերին Ասսիզի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող խաղաղութեան համաշխարհային աղօթքի օրուան ընթացքին, երբ զանազան կրօններու ներկայացուցիչներ միասնաբար համախմբուեցան ձայն տալու անոնց որոնք կը տառապին եւ անոնց որոնք ձայն չունին եւ որոնց ճիչը անլսելի է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց կրօնի անունով գործադրուած ոճիրներուն, յատկապէս Եւրոպայի մէջ­, ուր  քրիստոնեաներու միջեւ պատմական բաժանումները կը գոյատեւեն եւ կարիքը կայ այդ բաժանումի վէրքերը դարմանելու` ''երկխօսութեան ճանապարհով'', ինչպէս ինք փորձած է վկայել Քուպայի մէջ Քիրիլ Պատրիարքի հետ հանդիպումով եւ Հայաստան, Վրաստան ու Ատրպէյճան կատարած առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին – նշեց Քահանայապետը, դիտել տալով թէ ինչպէս  կրօնական ծայրայեղականութիւնը բազմաթիւ կեանքեր խլեց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, ինչպէս է պարագան Աֆղանիստանի, Պելկիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Նիճերիոյ Փաքիստանի եւ այլ վայրերու։

''Այս մէկը մարդասպան խելագարութիւն է որ Աստուծոյ անունը կը չարաշահէ մահ սերմանելու համար'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղելով բոլոր կրօնական իշխանութիւններուն որպէսզի միանան ու միասնական ձայնով հաստատեն թէ ''կարելի չէ սպաննել յանուն Աստուծոյ''։ 

''Ծայրայեղական ահաբեկչութիւնը պտուղն է հոգեւոր թշուառութեան որուն յաճախ զօդուած է նաեւ ընկերային աղքատութիւն մը։ Այս մէկը կարելի յաղթահարել միայն կրօնապետերու եւ քաղաքական անպատասխանատուներու համատեղ ներդրումին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը` ըլլայ կրօնական, ըլլայ քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ, որոնց շարքին ընկերային պատշաճ քաղաքականութիւն աղքատութիւնը վերացնելու համար, ընտանիքի կառոյցին վերարժէքաւորում որպէս վայր մարդկային հասունութեան­, ինչպէս նաեւ ներդրում դաստիարակչական եւ մշակութային մարզերէն ներս։

''Խաղաղութիւնը գործող առաքինութիւն է որ կը պահանջէ ամէն մէկ անհատի համագործակցութիւնն ու յանձնառումը'', ըսաւ ապա Քահանայապետը յատուկէն շեշտը դնելով գաղթականութեան երեւոյթին ու գաղթականներու հիւրընկալութեան հարցին վրայ մատնանշելով ''խելամիտ'' մօտեցումի որ պէտք չէ սակայն հանդիսանայ գաղթականներու նկատմամբ ''փակումներու քաղաքականութիւն'' ու դիտել տալով թէ գաղթականութեան երեւոյթը կարելի չէ վերածել պարզապէս թիւերու ու հաշիւներու։

''Գաղթականութեան հարցը կարող չէ անտարբեր թողուլ որոշ երկիրներ, մինչ ուրիշներ մեծ դժուարութիւններով յանձն առած են մարդկայնական օգնութեան մատակարարումը, դիմագրաւելու համար այդ տագնապը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց­ ամէնքը պէտք է իրենց զիրենք զգան կառուցողներ եւ մաս միջազգային  հասարակաց բարիքին, նաեւ մարդկայնական շօշափելի ներգործութիւնով, որոնք  էական գործօններ են այդ խաղաղութեան ու զարգացումին` որոնց կը ձգտին միլիոնաւոր անհատներ եւ ազգեր։

Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ  շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ երկիներուն որոնք վեհանձնութեամբ կը հիւրընկալեն  կարիքի մէջ գտնուողները, ապա յիշեց   Լեզվոս կղզի կատարած իր այցելութիւնը իր  մօտիկութիւնը ցուցաբերելու համար հազարաւոր գաղթականներուն, դատապարտելով նաեւ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ գաղթականներու կռած ահաւոր անարդարութիւնները ու մարդավաճառութեան ախտը։ 

Ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ անդրադարձ կատարեց ապա մանուկներու մասին որոնք ''չափահասներու անձնասիրութեան ու բռնութիւններու թիրախ են'' - ըսաւ Ան յատուկէն յիշելով Սուրիոյ երիտասարդները որոնք զրկուած են մանկութեան ու երիտասարդութեան ուրախութենէն, ապա նորոգեց իր վճռակամ կոչը  վերջ դնելու հակամարտութիւններուն որոնք պատճառ դարձած են իսկական մարդկային աղէտի մը։

''Հակամարտողներէն իւրաքանչիւրը պէտք է որպէս առաջնահերթ նկատէ միջազգային  մարդասիրական իրաւունքի յարգանքը, ապահովելով քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը ու մարդկայնական օգնութիւնները'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ յոյս յայտնեց որ Սուրիոյ մէջ վերջերս ստորագրուած զինադադարը դառնայ յոյսի նշան, Սուրիոյ համայն ժողովուրդին համար։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց միջազգային հասարակութիւնը պայքարիլ ''զէնքի վաճառականութեան'' վերացումին ի սպաս,  դատապարտելով Քորէական թերակղզիին մէջ իրականացուած փորձերը, որոնք, ըսաւ Ան, կը սպառնան համայն տարածաշրջանի կայունութեան։

Իր երկարաշունչ ճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետ անգամ մը եւս անդրադարձաւ Իսրայէլ-Պաղեստին հարցին ընդգծելով խաղաղութեան հաստատումին հարկաւորութիւնը ապա գնահատեց Քուպայի եւ ՄԱՆ-ի միջեւ ինչպէս նաեւ Քոլոմպիայի մէջ հաստատուած հաշտութեան յանձնառումը, եւ այս ուղղութեամբ յանձնարարեց նման քայլեր առնել նաեւ Վենեզուելլայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

Սուրբ Աթոռը կը նորոգէ իր հրատապ կոչը որպէսզի Իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ վերստին հաստատուի երկխօսութեան գործընթացը հասնելու համար մնայուն եւ հաստատ լուծումի` որ խաղաղ համակեցութիւն ապահովէ երկու պետութիւններու միջեւ։ Իսրայէլացիներ եւ Պաղեստինցիներ կարիքը ունին խաղաղութեան, համայն Միջին Արեւելքը հրատապ կարիքն ունի խաղաղութեան, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­, խաղաղութեան յանձնառում հայցելով նաեւ Լիպիայի, Իրաքի, Քոնկոյի,­ Ուկրանիոյ եւ Սուտանի համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ անդրադարձ   կատարեց Եւրոպական ցամաքամասին ապրած իրողութեան յանձնարարելով վերագտնել սեփական արմատները` կերտելու համար ապագան ու յաղթահարելու համար ''քայքայիչ'' ուժերու մղած պայքարը, նոր մարդկայնականութիւն մը ստեղծելով­, որ հիմնուած ըլլայ ներառումի եւ երկխօսութեան վրայ, որպէս հիմք կայունութեան, խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ զօրակցութեան։

Ճառին վերջաւորութեան Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն անդրադարձ կատարեց արարչագործութեան պահպանումի մասին, անդրադառնալով Փարիզի կլիմայի մասին համաձայնութեան եւ յիշելով բնական աղէտներուն զոհերը­։

''Սիրելի դեսպաններ` խաղաղութիւնը պարգեւ է, մարտահրաւէր եւ յանձնառում'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ճառին աւարտին։ Պարգեւ է որովհետեւ կը բխի նոյնինքն Աստուծոյ սրտէն, մարտահրաւէր` որովհետեւ ան ձեռք բերուած  մնայուն բարիք մը չէ եւ հարկաւոր է միշտ պայքարիլ անոր համար, յանձնառում որովհետեւ կարիքը ունի ամէն մէկ բարի կամք ունեցող մարդու ներգործութեան։ Չկայ ուրեմն իսկական խաղաղութիւն եթէ ոչ ''մարդկայնական ամբողջական զարգացումի'' խթանմամբ, որ հաշուի առնէ իւրաքանչիւր անհատի գերզգայական արժանապատուութիւնը, որովհետեւ զարգացումը խաղաղութեան նոր անունն է - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ վստահեցնելով հուսկ Սուրբ Աթոռի տրամադրութիւնը` համագործակցելու բոլոր անոնց հետ որոնք կ՛աշխատին հակամարտութիւններու կասեցումին ի խնդիր, յոյս պարգեւելու համար տառապող ժողովուրդներուն։

Սրբազան Հայրը  խօսքը եզրափակեց մէջբերելով ծիսակատարութեան ընթացքին ''խաղաղութիւն ձեր հետ'' խօսքը­, որուն հետ միասին հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ բոլոր ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու անոնց ներկայացուցած երկիրներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.