2017-01-09 12:55:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Յայտնութեան Շաբաթ (8-15 Յունուար 2017)


Կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Ութօրէքը կ՛երկարի մինչեւ  Ուրբաթ  եւ այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։

Կիրակի օրուայ Աւետարանին մէջ` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նխաձեռնութեան. Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։

Շաբաթ 14  Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուարին,  երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

Կիրակի 15 Յունուարին՝ Ա. կիրակին  Զկնի Յայտնութեան








All the contents on this site are copyrighted ©.