2017-01-09 09:59:00

Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանի ոչ եւս է


Կիրակի 8 յունուար 2017-ին, սիրտի կաթուածի իբրեւ հետեւանք, 83 տարեկանին մահացաւ Իրանի նախկին նախագահ եւ իրանեան վարչակարգին մէջ մինչեւ իր մահը որոշիչ դերակատարութիւն ստանձնած Ալի Աքպար Ռաֆսանճանի:

Ծնած է 1934-ին: Եղած է Իրանի շահի կարծր ընդդիմադիրներէն եւ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդ այաթոլլա Խումէյնիի աշակերտներէն ու մօտիկ հետեւորդներէն մէկը: Իր ընդդիմադիր գործունէութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան 7 անգամ ձերբակալուի եւ իր կեանքէն 4 տարի եւ 5 ամիս անցընէ բանտերուն մէջ: Ան 1980-1989 ընտրուած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ, պաշտօնավարութեան երկու նստաշրջաններու վրայ (1989-1997) զբաղեցուցած է հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:

Ալի Աքպար Ռաֆսանճանի ծանօթ եղած է աշխարհին բացուելու կողմնակից ըլլալու իր քաղաքականութեամբ: Ան քաջալերած է կիներու աշխատանքի առիթներու բարելաւումը եւ մերժած իսլամական օրէնքներու գործադրութեան մէջ խստութեան բանեցումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.