2017-01-07 08:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 7 Յունուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար կ՛ընդունի եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ մարք Ուելլէն, Թարանթօ Թեմին արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ֆիլիփփօ Սանթորոն, Արեցցօ Քորթոնա Սանսեփոլքրօ թեմին Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ռիքքարտօ Ֆոնթանա եւ Վատիկանի գաղտնի Արխիւներու Կառավարիչ` գերապայծառ Սերճօ Փականօ։

Իսկ վաղը Կիրակի 8 յունուար 2017-ի առաւօտեան` Յիսուսի մկրտութեան տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սիքստինեան մատրան մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին մի քանի մանուկներուն կը մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը։ Վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Իսկ երկուշաբթի 9 յունուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդունի Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անձնակազմը անոնց փոխանցելու համարը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու բարեմաղթութիւնները։ Այս առթիւ նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կարեւոր մէկ ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.