2017-01-07 14:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 Յունուարի թուիթը. Յիշենք արեւելքի քրիստոնեայ եղբայրները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 7 յունուար 2017-ին հրապարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով արեւելեան կարգ մը եկեղեցիներու Յուլիանոս Կայսրի օրացոյցին համեմատ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւն որ տեղի կ՛ունենայ այսօր հրաւիրեց որպէս մօտիկութեան ու մասնակցութեան նշան յիշել այդ եկեղեցիներու եղբայրներն ու քոյրերը։

"Յիշենք Քրիստոնեայ Արեւելքի` կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Ծնունդը" գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.