2017-01-07 09:43:00

Սուրբ Ծննդեան զանգը՝ ահազանգ. Գրիգոր Եպս Չիֆթճեան


Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան պահուն, երկինքէն հրեշտակներ երեւցան պարզամիտ հովիւներուն, որոնք իրենց հօտերուն պահպանութիւն կ՛ընէին բաց դաշտի մէջ (Հմմտ. Ղկ 2.8): Նոյն հրեշտակներուն երաժշտական փառաբանութիւնը մինչեւ օրս, մեր եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կ՛երգուի, բանաձեւուած խաղաղարար այն խորհուրդին վրայ, որու միտք բանին հրեշտակները յայտնեցին.

 «Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ

 եւ յերկիր խաղաղութիւն,

 ի մարդիկ հաճութիւն…» (Ղկ 2.14):

Հրեշտակներու յայտնութեան հետ, աւանդաբար երկինքի դռներ կը բացուին, եւ երկնային զանգերու յաւերժահունչ ղօղանջ կը լսուի: Նոյն աւանդութեան շարունակութիւն են Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եկեղեցիներու զանգերուն անվերջ հնչեցումը եւ անոնց սրտագրաւ ղօղանջին հետեւանք՝ փշաքաղող սարսուռը, որ խորապէս կ՛ազդէ նո՛յնիսկ դաժան մարդոց հոգիներուն:

Ներկայ տագնապահար աշխարհին մէջ մարտնչողներու տեսանելի եւ անտեսանելի բանակները ռազմադաշտերէն փոխադրուեր են քաղաքներուն փողոցները եւ տուներու սենեակներուն մէջ, արեան բաղնիքի վերածելով մարդկութեան կեանքը: Մահուան սուր մանգաղը իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին բազմաթի՜ւ անմեղ կեանքեր կը հնձէ անգթաբար: Քաղաքներու ապականած օդը զտող ու զովացնող գետերէն եւ առուակներէն արիւն կը հոսի, պղծելով ոչ միայն բնութիւնը, այլեւ եղբայրասէր հոգիները միամիտ մարդոց:

Սուրբ Ծննդեան աւետիսը մարդկութեան հաղորդող զանգերուն ղօղանջը դադրեցնելու համար, քրիստոնէական տաճարներու եւ մատուռներու մեծ ու փոքր զանգերը պոկուեցան իրենց դարաւոր զանգակատուներէն, քանդելով այն, ինչը կրնար յուշել մարդոց՝ Փրկչին ծնունդը եւ խաղաղութեան հաստատումը աշխարհի մէջ: Բայց միթէ՞ կարելի է լռեցնել երկնային զանգերուն ղօղանջը, կամ՝ պապանձեցնել զԱստուած…:

Աւետիսը, որ տրուեցաւ մարդկային ցեղին, միայն մէկ գիշերուան ընթացքին, Բեթղեհէմի մէջ հովիւներուն տրուած բարի լուրը չէր կրնար ըլլալ: Անիկա կոչնակի առաջին հնչեցումն էր բաց դաշտին մէջ, աստղազարդ երկինքի ներքոյ, անմեղ գառնուկներու մայունին հետ համանուագ, որովհետեւ անոնց օրինակով պիտի ճանչցուեր նաեւ Նորածինը, իբրեւ Գառն Աստուծոյ:

Բեթղեհէմի կանաչազարդ բլուրներէն երկնային զանգի ղօղանջը պիտի սփռուէր ամբողջ աշխարհին, համայն մարդկութեան հոգեկան ականջներուն տակ զնգալով, հրաւիրելու բոլորը դէպի դրախտն աստուածաբնակ:

Եկեղեցիներու զանգերուն խաղաղասփիւռ զրնգոցը հաւատացեալներուն կոչնակ ըլլալէ բացի, զանգակները ընդհանրապէս ունին նաեւ վտանգ ազդարարող նշանակութիւն: Անցեալին նոյն նպատակով անընդհատ հնչեցուեր են նաեւ մեր գաւառներու եւ գիւղերու եկեղեցիներուն զանգերը, երբ թշնամին իր հրոսակներով փորձ կատարեր է յարձակելու խաղաղ բնակչութեան վրայ:

Նոյն նպատակով, այսօրուան աշխարհին մէջ եւս զանգը կ՛օգտագործուի, իբրեւ ազդանշան հրդեհի, որպէսզի հրշէջները կարելի փութով պատրաստուին հասնիլ արկածին վայրը, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աւելի թուով կեանքեր փրկելու եւ նիւթական նուազագոյն վնասներով մարելու բոցավառուող տարածքը:

Դարձեալ նոյն նպատակով, դպրոցներու եւ հիմնարկութիւններու զանգը կ՛օգտագործուի, ազդարարելու երկրաշարժը, երբ անոր ղօղանջին հնազանդելով, իւրաքանչիւր անձ նախապէս ստացած բացատրութիւններու հիման վրայ, կը դիրքորոշուի այնպէս, որ երկրաշարժէն անվնաս, կամ նուազագոյն վնասով դուրս գայ:

Աշխարհը հրդեհուած է այսօր ատելութեամբ, նախանձով, բամբասանքով, ծաւալապաշտական ձգտումներով, խաբեբայութեամբ եւ հարստահարութիւններով, ո-րոնք անհատական մակարդակէն փոխադրուեր են միջազգային բեմ, երկիրներու եւ ազգութիւններու, կրօններու եւ համայնքներու միջեւ ամօթալի չափերու հասնելով: Պատերազմները, հակառակութիւնները, մահերը եւ սպանութիւնները փոխանակ դարձի բերելու, ընդհակառակը կը սրեն ախորժակները չար մարդոց, որոնք կարծէք կը սպասէին աշխարհը հրդեհող այս կրակին:

Աշխարհի խելավառ այս հրդեհին մէջ, ամէն տարի Յունուար 6ին դարձեալ կը ծնի Փրկիչը, խաղաղ անկիւն մը: Սակայն, կրակի բոցը արդէն իսկ մօտեցեր է Անոր ծննդեան մսուրը լեցուցած յարդի դէզին: Տագնապահար մարդկութեան շարքերուն մէջ բարի կամքի տէր անձեր որքան ալ դոյլերով ջուր կրեն կանխելու համար մսուրին բռնկումը, սակայն աշխարհի երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ՝ կրակը արդէն հասեր է մսուրի ոտքերուն:

Փրկչին Սուրբ Ծնունդը աւետող զանգերուն ղօղանջը եւս փոխեր է իր ձայնանիշերը, միեւնոյն մեղեդիով չի՛ լսուիր անոր նուագը: Անիկա խաղաղութեան աւետիսը յուշող զանգ ըլլալու փոխարէն, դարձեր է ահազանգ, զգուշացնելու համար աշխարհը, իր վերջնական կործանումէն: Ահազանգը կը հնչէ ամէն վայրկեան, փրկելու համար մեր աշխարհը համատարած հրդեհէն:

Հրդեհի խեղդող ծուխէն սակայն, ի վերջոյ կը զարթնի իր մանկական քունով նիրհող նորածին Մանուկը, եւ հեքիաթային արագութեամբ մեծնալով, կը վերահաստատէ թագաւորական Իր միահեծան իշխանութիւնը աշխարհի վրայ, զոր ունէր արդէն յաւիտեաններէն առաջ: Ու դարձեալ կը յուսադրուի մարդկութիւնը, Անոր խաղաղարար մականին ներքեւ գոյատեւելու յոյսով:

Աստուածային միակ հրամանով փոթորկայոյզ ծովի ալիքները խաղաղացուցած Փրկիչը (Հմմտ. Մր 4.39), մէկ ակնթարթի մէջ պիտի մարէ նաեւ աշխարհի հրդեհը, վերստին կանաչապատելով մարդոց առօրեան, վերակենդանացնելով նահատակները, եւ խաղաղացնելով թշնամացած սիր-տերը ախտաժէտներուն:

Նորածին Արքային ձեռքով աշխարհի կրակը մարելու ընթացքին սակայն, առաւել եւս պիտի բորբոքի դժոխքին կրակը, որովհետեւ աշխարհը հրդեհած բոլոր չարերուն վերջնական հանգրուանը պիտի ըլլայ այդ: Տանջանքի այս վայրին մէջ, հրշէջներուն ականջները փակուած պիտի ըլլան, որպէսզի չլսեն ահազանգը, ու մարել չփորձեն ծծմբալից անշէջ կրակը:

Սուրբ Ծննդեան տօնին զանգը, իբրեւ ահազանգ պիտի հնչէ այս տարի բոլոր մարդոց սրտերուն մէջ, առանց կրօնի տարբերութեան կամ դաւանական խտրութեան: Փրկիչը կարիք չունի մեր օգնութեան՝ աշխարհի հրդեհը մարելու պարագային: Սակայն մեր բերած օժանդակութիւնը Փրկչին, մեր փրկութիւնն իսկ պիտի ապահովէ, որպէսզի աշխարհը հրդեհողներու շարքին չդասուինք, այլ՝ մեր բարի կամքին իբրեւ վարձատրութիւն, ժառանգենք արդարներուն վերապահուած հանգիստը այստեղ եւ հանդերձեալին մէջ:

Սուրբ Ծննդեան տօնին զանգը, իբրեւ ահազանգ պիտի հնչէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու զանգակատուներէն, իր ղօղանջը ալիք առ ալիք հասցնելու մինչեւ ամէնէն ամուր փակուած դուռէն ներս, փշաքաղելու համար ամէնէն դաժան մարդուն հոգին, փափկացնելու համար ամէնէն անգութ անձին սիրտը, որպէսզի ան թողու այլեւս աշխարհը հրդեհելու համար իր ձեռքին գտնուող բոցավառած ամենակուլ կրակին ջահը:

Թող Սուրբ Ծննդեան զանգի ահազանգը կասեցնէ աշխարհը իր թաւալգլոր ընթացքէն, խաղաղասփիւռ ղօղանջի ձայնանիշը վերադառնայ անոր բոմբիւնին մէջ, եւ մարդկութեան Փրկիչը իր Ծնունդով վերստին օրհնէ աշխարհն ու մարդկութիւնը, իբրեւ սկիզբ նո՛ր արարչագործութեան (Հմմտ Յյտ 21.5):








All the contents on this site are copyrighted ©.