2017-01-07 08:36:00

Աշխարհի Իմաստութիւնը իր մէջ հաւաքած մտքեր Սողոմոն Թագաւորէն


– Կեանքը ճանապարհ է, նպատակ եւ պարգեւ: Կեանքը սիրոյ պարն է: Ձեր առաքելութիւնը ծաղկիլն է: Գոյութիւն ունենալ` ատիկա մեծագոյն նուէր է աշխարհին: Ձեր կեանքը տիեզերքի պատմութիւնն է: Կեանքի հետ վարուեցէք իբրեւ տօն, քանի որ կեանքը ինքն իրմով արդէն արժէք է:

– Ինչ որ ցանած էք` այն ալ պիտի հնձէք: Դժբախտութիւնը ձեր ընտրութիւնն է: Աղքատութիւնը` մարդու ստեղծագործութիւնն է: Իսկ դառնութիւնը` տգիտութեան արդիւնք: Մեղադրելով` ուժ կը կորսնցնէք, իսկ փափաքելով` երջանկութիւնը կը ցրէք: Աղքատ է ան, ով որ չի գիտակցիր ինքն իրեն: Աղքատ կը դառնայ ան, ով որ անտեղի կը ծախսէ ժամանակը: Մի՛ վերածէք կեանքը անբովանդակութեան: Թոյլ մի՛ տաք ամբոխին կործանել ձեր հոգին: Եւ թող հարստութիւնը չըլլայ ձեր անէծքը:

– Մի՛ մեղադրէք դուք ձեզ: Մի համեմատէք եւ մի տարբերէք: Ամէն ինչի համար շնորհակալ եղէք: Ուրախացէք, քանզի ուրախութիւնը հրաշքներ կը գործէ: Սիրեցէք դուք ձեզ։ Օրհնեցէք վտանգները, քանզի խիզախները երանութիւն կ՝ունենան: Աղօթեցէք ուրախութեամբ եւ դժբախտութիւնը կը շրջանցէ ձեզ:

– Երջանիկ են սիրողները, երջանիկ են շնորհակալները: Երջանիկ են խաղաղութեան մէջ գտնուողները: Երջանիկ են անոնք, որոնք դրախտը գտած են իրենց մէջ: Երջանիկ են ուրախութիւն պարգեւողները եւ երջանիկ են պարգեւը ուրախութեամբ ընդունողները: Երջանիկ են իրենց առաքելութիւնը կատարողները: Երջանիկ են միասնութեան գիտակցողները: Երջանիկ են աշխարհի գեղեցկութիւնը տեսնողները: Երջանիկ են երջանկութիւն ընդունելու պատրաստները:

– Ձեր կեանքը` Աստուծոյ գանձարանի մեծագոյն գանձն է: Իսկ Աստուած՝ մարդու սրտի գանձը: Ձեր ներսի հարստութիւնը անսպառ է, իսկ առատութիւնը ձեր շուրջը` անսահման: Աշխարհը բաւական հարոստ է, որպէսզի ձեզմէ իւրաքանչիւրը հարուստ ըլլայ: Այդ պատճառով, որքան շատ տաք, այդքան շատ կը ստանաք: Երանելի են իրենց մէջ գանձ գտածները:

– Ըմպեցէք կեանքի իւրաքանչիւր ակնթարթէն, քանզի չապրած կեանքը  տխրութիւն կը ծնի: Կեանքի մռայլութիւնը` սրտի մռայլութենէն է: Երջանկութիւնը` արեւածագ է: Երանելի են լոյսին ձգտողները:

– Ապրեցէք պարզ: Մի վնասէք ուրիշին: Մի նախանձիք: Թող կասկածները մաքրազերծեն այլ ոչ թէ տկարացնեն: Նուիրեցէք կեանքը գեղեցիկին: Ստեղծագործեցէք յանուն արուեստի, այլ ոչ թէ՝ հանրածանօթ դառնալուն: Ձեւափոխեցէք անցեալը` մոռնալով զայն: Աշխարհ բերէք նորը: Մարմինը լեցուցէք սիրով: Դարձէք սիրոյ ուժը, քանզի սէրը կ՝ոգեշնչէ:

– Երջանիկը կը փոխէ շատերը: Դժբախտները կը մնան ստրուկ, քանզի երջանկութիւնը ազատութիւն կը սիրէ: Ընկալեցէք երջանկութեան արուեստը: Բացուեցէք աշխարհի առջեւ եւ աշխարհը կը բացուի ձեր առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.