2017-01-05 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ հաւատացեալները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 5 յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ընդունեց Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ դարձած հաւատացեալները։

Հանդիպման սկիզբը տեղահան ընտանիք մը ու քահանայ մը Նորին Սրբութեան փոխանցեցին երկրաշարժի օրերուն իրենց ապրած դժբախտ փորձառութեան ու տառապանքի վկայութիւնները ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն ետք իրենց առօրեայի կեանքի մասին տեղեկութիւններ, յատկապէս շեշտը դնելով իրենց ''տեղահաններու'' իրողութեան վրայ։

Ունկնդրելէ ետք տխուր իրադարձութիւններու մասին ներկայացուած վկայութիւնները, անոնցմէ ներշնչուելով, Սրբազան Քահանայապետը սրտաբուխ խօսք ուղղեց ներկաներուն,  շեշտը դնելով ''վերակառուցել'' բառին վրայ։ Վերակառուցել նախ եւ առաջ սրտերը, ընկերային կեանքը, տուները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Վերսկսիլ, կորսնցնելէ ետք ամէն ինչ, մեծ ցաւ ու վէրք է, յարեց Ան, սակայն հարկաւոր է միշտ չի կորսնցնել յոյսը։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա շարունակելով ակնարկել վկայութիւններուն  շեշտեց թէ վերակառուցելու համար անհրաժեշտ ենք ձեռքերը։ Ձեռքեր որոնք կը վերակառուցեն աւերները, ձեռքեր որոնք աղէտի օրերուն օգնութեան հասան մէկը միւսին, մեր ու բոլորին ձեռքերը, անհրաժեշտ են վերակառուցելու համար այդ ամէնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու շարունակեց '' Անհրաժեշտ են ձեռքեր ու սիրտ, ձեռքեր որոնք կը բուժեն եւ կը դարմանեն, ձեռքեր որոնք կ՛օժանդակեն դուրս գալու այդ տառապանքէն, ու ձեռքեր որոնք վեհանձնութեամբ կը նուիրեն''։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ երկրորդ բառի մասին` ''վէրքը'', ու դիտել տուաւ թէ քնքշութիւնը, սէրն ու ձեռքերը կ՛օգնեն այդ վէրքերը խնամելու, ապա խօսեցաւ ''լացի ու ողբի'' մասին ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն ետք ներկաներուն ապրած առօրեայի մասին, եւ այն իրականութեան մասին թէ թէեւ ազատած են մահուան սպառնալիքէն սակայն ծանր ու խոր վէրք մը կը կռեն իրենց սրտին մէջ եւ թէ իրենց կեանքը այլեւս նոյնը չէ, բոլորովին փոխուած է, եւ անցեալը այլեւս չկայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա ցուցաբերուած զօրակցութեան ու եղբայրսիրութեան արտայայտութիւններու մասին, նշելով թէ ինք հպարտ է այն եկեղեցականներով որոնք ուզեցին մօտիկ մնալ իրենց հօտին, բաժնեկցելով անոնց ցաւերն ու մտահոգութիւնները։ Մօտիկութիւնը զոր երկրաշարժի զոհերը փորձարկեցին։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց բոլոր ներկաները չվհատելու ու շարունակելու հետապնդել իրենց երազները` երազը վերաշինութեան ու վերականգնումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին ընդգծեց թէ ինք գրաւոր պատգամին նախնըտրեց նոյնինքն երկարշարժի զոհերուն բառերով խօսիլ անոնց հետ­, ''բառեր ու խօսքեր որոնք դարձան իմս'' ըսաւ Ան ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, կամաւորներուն, քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բարեսիրական մարմիններուն, բոլորին վստահեցնելով իր անկեղծ մօտիկութիւնը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր ներկաները  միասնաբար աղօթելու ''Ողջոյն Քեզ Մարիամ'' աղօթքը հուսկ անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.