2017-01-05 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''առաքելութիւն մըն եմ եւ ոչ թէ առաքելութիւն մը ունիմ կատարելիք''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 յունուար 2017-ին, առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպեցաւ` Կոչում եւ Սրբութիւն. ես առաքելութիւն մըն եմ բնաբանով  Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, կոչումներու Հովուական ծառայութեան ազգային գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մասնակիցներուն հետ։

Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները անոնց յանձնեց գրաւոր ճառ մը, որուն մէջ ակնարկելով 2018-ին կայանալիք սիւնդհոդասական ժողովի նիւթին՝ երիտասարդներ, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում՝՝ հաստատեց ,թէ ժամանակից  երիտասարդները,  այսօր յոյժ կարիք ունին զովարար ջուրի աղբիւրին՝ յագեցնելու համար իրենց ծարաւը ու շարունակելու   իրենց փնտռտուքի ուղեւորութիւնը։  

Ան ապա եկեղեցւոյ  անշահախնդիր եւ սիրով մատուցուած ծառայութեան մասին խօսելով  յիշեց Պենտիտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին խօսքը ՝՝եղէք վստահութեան եւ յոյսի սերմանողներ'' ակնարկելով  թէ այսօրուան երիտասարդները կ՝ապրին մոլորած վիճակի մէջ եւ  պէտքը ունին  իրենց փափաքներն ու իղձերը ունկնդրող մարդոց։

Ֆրանչիսկոս Պապ  գրաւոր պատգամին մէջ անդրարձաւ նաեւ  լայն հորիզոններ ունեցող կոչումներու հովուական ծառայութեան մասին, որ կարող ըլլայ  քաջութեամբ կարդալ իրականութիւնը այնպէս ինչպէս կը թուի իր  դժուարութիւններով եւ մտահոգութիւններով,  եւ ճանչնալ մարդու սրտի վեհանձնութեան եւ գեղեցկութեան նշանները։

Ան ներկաները   յորդորեց երբեք չի տքնիլ  կրկնելէ՝   ''առաքելութիւն մըն եմ եւ ոչ թէ պարզապէս առաքելութիւն մը ունիմ'' ըսելէ, որովհետեւ յարատեւ առաքելութիւնը կը կայանայ քաջութեան եւ անդին երթալու փափաքին մէջ։

Վերջապէս Սրբազան Հայրը  քաջալերեց,  Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ` որոնել նոր ուղիներ հռչակելու համար կոչումի աւետարանը,  եւ խօսքը աւարտեց ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.