2017-01-04 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2017 տարուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 4 յունուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ 2017 տարուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ անոնց ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց ''Քրիստոնէական Յոյսի'' վրայ յատկապէս անդրադառնալով Երեմիայ մարգարէի գիրքէն քաղուած  Իսրայէլի ժողովուրդի հայրենիք վերադարձի յոյսի մասին` ''Քու ապագայիդ համար յոյս կայ կ՛ըսէ Տէրը. Թէ քու աղագներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան'' (Երեմիայ 31, 15-17)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսօրուայ խորհրդածութեան մէջ կ՛ուզեմ անդրադառնալ տիկնոջ մը դիմագիծի մասին որ մեզի կը խօսի ողբի մէջ ապրուած յոյսի մասին։ Այս մէկը Հռաքէլն է, Յակոբին կինը ու մայրը Յովսէփին եւ Բենիամինին, ան որուն մասին ծծնդոց գիրգը կը պատմէ` մեռաւ աշխարհ տալով իր երկրորդ զաւակը։

Երեմիայ մարգարէն խօսքը ուղղելով աքսորի մէջ գտնուող Իսրայէլացիներուն, զանոնք կը մխիթարէ բանաստեղծական եւ յուզումնալից բառերով` ''Այսպէս կ՛ըսէ Տէրը, Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Ողբի ու դառնագին լացի ձայն, Հռաքէլ կու լայ իր զաւակներուն համար եւ չուզեր մխիթարուիլ, վասն զի անոնք այլեւս չկան (Երեմիայ 31,15)։

Այս հատուածներուն մէջ մարգարէն, ծծնդոց գիրքի մէջ ներկայացուցած կինը որ մեռաւ իր զաւակը աշխարհ տալով եւ ընդունեց մահը կեանք պարգեւելու համար իր զաւկին, կը ներկայացնէ որպէս տակաւին ողջ Ռամայի մէջ, այն վայրը ուր աքսորեալները կը հաւաքուէին, մինչ կ՛ողբայ անոնց կորուստն ու մահը եւ ասոր համար զ՛ուզեր մխիթարուիլ։

Զաւկի մը կորուստի ողբերգութեան դիմաց մայր մը չի կրնար ընդունիլ մխիթարական խօսքեր ու արարքներ, որոնք յաճախ անյարմար են եւ անկարող այդ ցաւն ու վէրքը մեղմացնելու։

Ամէն մէկ մայր այս բոլորը լաւապէս կը ճանչնայ,  այսօր եւս բազմաթիւ են ողբացող այն մայրերը որոնք չեն համակերպիր իրենց զաւկի կորուստի իրականութեան։ Հռաքէլը իր մէջ կը ներփակէ աշխարհի բոլոր մայրերուն ցաւը եւ ամէն մէկ մարդ արարածի արցունքները։

Հռաքէլ չ՛ուզեր մխիթարուիլ, ու այս մէկը կը ներկայացնէ անոր ցաւին խորութիւնը։ Արդարեւ կարենալու համար յոյսի մասին խօսիլ անոր որ յուսահատ է, հարկաւոր է նախ եւ առաջ կիսել անոր ցաւը ու միանալ անոր ողբին։  Տէրը իր անհուն սիրոյ միջոցաւ Հռաքէլի արցունքներուն կը համապատասխանէ խոստումով մը` ''Քու ապագայիդ համար յոյս կայ կ՛ըսէ Տէրը. Թէ քու աղագներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան''։

Արդարեւ մայրերու լացին ու ողբին պատճառաւ տակաւին յոյս կայ զաւակներուն համար` որոնք կը վերադառնան կեանքի։ Արցունքները նոր յոյս կը ներշնչեն։

Սուրբ Մատթէոս Երեմեայ Մարգարէի այս խօսքերը կը յատկացնէ Անմեղ մանուկներու ջարդին որոնք սպաննուեցան Յիսուսին պատճառաւ։ Յիսուս` անմեղ գառնուկը իր կարգին իր կեանքը պիտի տար բոլորին համար։ Աստուածորդին մտաւ մարդոց ցաւին մէջ, զայն կիսեց ու ընկալեց իր մահուամբ. Անոր Խօսքը վերջնականապէս մխիթարիչ է` որովհետեւ կը ծնի ողբէն։

Եւ Խաչին վրայ Ինքն է որ, նոր պտղաբերութիւն կու տայ իր Մօր, անոր յանձնելով Յովհաննէսը ու զայն դարձնելով մայր բոլոր հաւատացեալ ժողովուրդին։

Մահը յաղթուեցաւ եւ Երեմիայ մարգարէին խօսքերը իրականացան։ Մարիամին արցունքները եւս Հռաքէլի նման յոյս ու կեանք պարգեւեցին։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ  համախմբուած հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն­, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

Ձեզի սիրելի երիտասարդներ կը մաղթեմ որ նոր տարուայ ամէն մէկ օրը համարէք որպէս Աստուծոյ պարգեւ, զայն ապրելով երախտապարտութեամբ եւ արդարութեամբ։ Նոր տարին, ձեզի` սիրելի հիւանդներ, պարգեւէ մարմնական եւ հոգեկան մխիթարութիւն։ Եւ դուք սիրելի նորապսակներ, յանձնառու եղէք իրականացնելու կեանքի անկեղծ հաղորդութիւն մը` Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.