2016-12-31 17:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2016-ի ամավերջի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 31 դեկտեմբերին, երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2016 տարին եզրափակեց  Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած գոհաբանական ժամասացութեան արարողութեամբ որուն առթիւ  ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին սկիզբը` Ան մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի Գաղատացիներու ուղղած նամակէն սոյն հատուածը.''Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը , Աստուած ղրկեց իր որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները, մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը (Գաղատացիք 4, 4-5)''։

''Սուրբ Պօղոսի այս խօսքերը զօրեղ կերպով կը հնչեն.... ու փրկութեան պատմութիւնը իր արձագանքը կը գնտէ այստեղ'' ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Աստուած ուզեց մօտենալ բոլոր անոնց որոնք կորսուած, հարստահարուած, վիրաւոր, վհատուած ու վրդոված են։ ''Ան մօտիկ եղաւ բոլոր անոնց որոնք կը կռեն հեռաւորութեան ու մինակութեան բեռը` որպէսզի մեղքը, վէրքերը, վհատութիւնն ու բացառութիւնը վերջին խօսքը չունենան Իր զաւակներու կեանքէն ներս'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկելով Սուրբ Մսուրին դիտել տուաւ թէ  ''Ան

մեզ կը հրաւիրէ  իւրացնելու Աստուածային տրամաբանութիւնը` հանդիպումի, մօտիկութեան եւ կարեկցութեան տրամաբանութիւնը'' ապա աւելցուց թէ ''Տէրը կու գայ քայքայելու այն առանձնաշնորհումի շղթան որ բացառութիւն կը յարուցէ, վերահաստատելու համար կարեկցութեան ու ներառումի քնքշութիւնը` որ իւրաքանչիւր անձի մէջ կը վերակենդանացնէ արժանապատուութիւնը''։

''Խանձարուրի մէջ պատուած Մանուկ մը` մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ հզօրութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով Բեթղեհէմի Մանուկին դիմաց կանգնած` ընդուիլ որ Տէրը մեզ լուսաւորէ, որպէսզի դաս գաղենք մեր իսկ գործած սխալներէն եւ ուժը գտնենք միշտ վերականգնելու եւ վերստին սկսելու ուղեւորութիւնը։

Մինչ այլ տարի մը կը հասնի իր աւարտին, Մսուրին առջեւ կանգ առնենք շնորհակալութիւն յայտնելու համար Աստուածային առատաձեռն նշաններուն համար որոնք յայտնուեցան անանուն բազմաթիւ դիմագիծերու ընդմէջէն։ Կանգ առնենք մսուրին առջեւ վերագտնելու համար ուժը` ու ապագային նայելու յոյսով եւ գորովով։    

Մսուրին նայելով այնտեղ կը գտնենք Յովսէփին ու Մարիամին  երիտասարդ դիմագիծերը, լի յոյսով եւ ձգտումներով, ինչպէս նաեւ հարցադրանքներով. Դիմագիծեր որոնք կը նային յառաջ, դժուար այն պատասխանատուութեամբ` օգնելու Աստուած - Մանուկը իր աճումին մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց ''կարելի չէ խօսիլ ապագայի մասին առանց այդ երիտասարդ դէմքերուն նայելու'', ու հարկաւոր նկատեց ''մենք եւս ստանձնել երիտասարդներուն նկատմամբ  պատասխանատուութիւնը։ Պատասխանատուութիւնէն անդին, շիտակ բառը պարտականութիւն է'' շեշտեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով երիտասարդները բացառող մշակոյթին, որ կը մեկուսացնէ զանոնք ու անոնց առջեւ ապագայի դռները կը փակէ, արգելք հանդիսանալով անոնց կեանքի ու ընկերութեան մէջ գործօն դերակատարութեան։

Մենք կանչուած ենք երիտասարդ զոյգին չ՛ըսել ''տեղ չկայ'', այլ յանձնառու ըլլալու ամէն մէկը իր կարողութեան համաձայն` օգնելու երիտասարդներուն, վերագտնելու համար` ապագայի մը կերտումին նոր հորիզոններ։  

Չի զրկուինք անոնց ձեռքերու ուժէն, անոնց մտային արժէքներէն ու անոնց տարեցներու երազները մարգարէացող կարողութենէն։ Եթէ կ՛ուզենք ձգտիլ անոնց արժանի ապագայի մը¬, կարող ենք զայն ընել միայն իսկական ներառումով։ Այն ներառումը որ արժանավայել, ազատ, ստեղծագործ, մասնակից ու զօրակից աշխատանք կ՛ապահովէ։

Աւարտին հասած այս տարուան դիմաց խոկանք Աստուած Մանուկի մասին։ Այս մէկը հրաւէր մըն է վերադառնալու աղբիւրին ու մեր հաւատքի արմատներուն։ Յիսուսի մէջ հաւատքը կը դառնայ յոյս, կը դառնայ թթխմոր եւ օրհնութիւն։ Ան մեզի թոյլ կու տայ բարձրացնելու մեր գլուխը ու վերսկսելու մեր ուղեւորութիւնը  քնքշութեամբ մը որ երբեք յուսախաբ չի թողուր ու միշտ կարող է մեզի պարգեւել ուրախութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.