2016-12-31 09:09:00

Փութին մերժեց Ամերիկացի 35 դիւանագէտ վտարելու Լաւրովի առաջարկը


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է 35 ամերիկացի դիւանագէտ վտարել եւ Մոսկուայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան արգիլել անոր պատկանող շէնքերէն երկուքը օգտագործել:

Լաւրով շեշտեց. «Ամերիկեան պատժամիջոցները առանց պատասխանի պիտի չձգենք»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ 35 ռուս դիւանագէտներ վտարած են եւ անոնց երկրէն հեռանալու 72 ժամուան պայմանաժամ ճշդած:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ որոշած են փակել Մերիլանտի եւ Նիւ Եորքի մէջ երկու համալիրներ, որոնք, ըստ ամերիկեան իշխանութիւններուն, օգտագործուած են լրտեսական աշխատանքներու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ ամերիկեան միջոցառումները որդեգրուած են հակադարձելով ռուս դիւանագէտներուն կատարած աշխատանքներուն, որոնք դիւանագիտական աշխատանքային արժեչափերուն համահունչ չեն:

Սակայն Փութին յայտարարեց, որ որեւէ ամերիկացի դիւանագէտ պիտի չվտարուի Ռուսիայէն: «Հայրենիք վերադարձող ռուս դիւանագէտները ամանորեան տօները պիտի անցընեն բարեկամներու եւ հարազատներու հետ` տան մէջ: Մենք խնդիրներ պիտի չստեղծենք ամերիկացի դիւանագէտներուն համար», ըսաւ ան:

«Ոչ ոքի պիտի արտաքսենք եւ անոնց ընտանիքներուն ու երեխաներուն պիտի չարգիլենք օգտուիլ իրենց համար սովորական հանգստավայրերէն ամանորեան տօներուն ընթացքին: Տակաւին աւելի՛ն, Ռուսիոյ մէջ լիազօրուած ամերիկացի դիւանագէտներու բոլոր երեխաները կը հրաւիրեմ Քրեմլին` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնածառի հանդէսին», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը








All the contents on this site are copyrighted ©.