2016-12-31 18:22:00

Աղօթք նոր տարուայ սեմին...Շնորհակալ եմ քեզի Տէր։


Տէ՜ր Աստուած,
Այս տարուան վերջաւորութեան,
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ 
քեզմէ ստացած ամէն բանի համար,
Շնորհակալութիւն կեանքին ու սիրոյ համար,
Ծաղիկներուն, օդին, արեւին,
ուրախութեան ու ցաւին,
Ամէն կարելի եղած բաներուն,
 եւ այն բաներուն որ չկրցայ կատարել ու իրագործել։
Քեզի կը նուիրեմ յաջողութիւններս,
Կատարած գործերս,
եւ իմ ձեռքս տրուած բարիքներս։

Քեզի կը յանձնեմ իմ սիրելիներս,
հարազատներս ու բարեկամներս,
Դրացիներս, մերձաւորներս, 
ու ինձմէ հեռացած ազգակիցներս։
Ինձմէ օգնութիւն խնդրողները,
անոնք որոնց կրցայ օգնել,
Անոնք որոնց հետ կիսեցի 
Կեանքս, աշխատանքս, ցաւս 
Ու ուրախութիւնս։
Այսօր, ո՜վ տէր կ՚ուզեմ յատուկէն ներողութիւն խնդրել
վատնած ժամանակիս համար, վատ կերպով ծախսած դրամիս,
արտասանած  վատ ու անպէտ խօսքերուս,
Եւ անտեսած սիրոյն,
Ներողութիւն չկատարած եւ վատ կատարած գործերուս
Առանց աշխուժութեան եւ եռանդի ապրած կեանքիս,
Չկատարած ու յետաձգած աղօթքիս,
Մոռացութեանս ու լուռ մնալուս,
Պարզապէս ներողութիւն .... ամէն բանի համար։
Տէր Աստուած, Տէր ժամանակի եւ յաւիտենութեան
Քուկդ է այսօրն ու վաղը, անցեալն ու ապագան.
Այս տարուան սկիզբը
 քեզի կը նուիրեմ այն բոլոր գալիք օրերը,
Եւ այն  օրերը որ միայն դուն գիտես եթէ պիտի հասնիմ ապրելու թէ ոչ։
 Այսօր պիտի խնդրեմ քեզմէ ինծի եւ սիրելիներուս համար,
Խաղաղութիւն, ուրախութիւն,
Ոյժ ու խոհեմութիւն,
Սէր եւ իմաստութիւն։

Կ՚ուզեմ ամէն օր  լաւատեսութեամբ ու բարութեամբ ապրիլ,
խցէ ականջներս որպէսզի անճիշդ ու սուտ բաներ ու բամբասանքներ չլսեմ,
Շուրթերս որպէսզի սուտ, վիրաւորիչ ու անձնասէր խօսքեր չարտասանեմ,
Մինչդեռ բա՛ց էութիւնս բարիին
այնպէս որ իմ հոգիս լեցուի միայն
քու օրհնութիւններովդ ու բարիքներովդ,
Եւ զանոնք կարենամ տարածել ամէն առած քայլիս ուր որ ըլլամ,
Այս բոլորը ընեմ Յիսուս Քրիստոսի անունով. Ամէն։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.