2016-12-31 07:09:00

2017 տարուայ Յունուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017 տարուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները ամէն ամիս պիտի նուիրուին կամ աւետարանութեան կամ տիեզերական աղօթքի։

2017-ի Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը աւետարանութեան դիտաւորութիւն է` որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու բոլոր Քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի անոնք հաւատարիմ Տիրոջ ուսուցումին, յանձնառու ըլլան աղօթքով եւ եղբայրօգնութեան գորխերով, վերահաստատելու եկեղեցական լիակատար միութիւնը, միասնաբար համագործակցելով` համապատասխանելու համար մարդկութեան ապրած ներկայ մարտահրաւէրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.