2016-12-30 13:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը Արժանթինի մէջ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի հրատարակման առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող Օսսերվաթորէ Ռոմանօ շաբաթաթերթի` 0 համարի հրատարակումին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինքնագիր նամակ մը յղած է որուն մէջ յայտնած է իր ուրախութիւնը նշելով թէ Սուրբ Աթոռի պարբերաթերթին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ուղղակի օրէն հետեւիլ Քահանայապետի մատուցած ծառայութեան։ Նորին Սրբութիւնը ապա Տիրոջմէ խնդրած է որ օրհնէ  բոլոր անոնք որոնք կը համագործակցին այդ ծրագրին իրականացման` ի ծառայութիւն Աստուծոյ Արքայութեան ու հայցած է Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակը եզրափակած է բոլոր թերթի ընթերցողներէն խնդրելով որ հաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.