2016-12-30 09:22:00

Հայաստան կը դիմէ միջազգային հանրութեան՝ անյապաղ սթափեցնելու Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Տաւուշի մէջ ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնած հետախուզական-ներթափանցման փորձին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ խստագոյնս դատապարտելով այս արարքը, որուն պատճառով արձանագրուեցան մարդկային կորուստներ։ Նախարարութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհուածներուն հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

«Այն պայմաններում, երբ դեռ յաղթահարուած չէ Ապրիլ ամսին Արցախի դէմ ադրբեջանական ագրեսիայի հետեւանքով կարգաւորման գործընթացին հասցուած լրջագոյն վնասը, Բաքուն նոր արկածախնդրութեան է դիմում՝ կոպտօրէն խախտելով Վիեննայի եւ Սանկտ Պետերբուրգի գագաթաժողովներին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու վերաբերեալ յանձնառութիւնը: Այսպէս է Բաքուն պատասխանում Համբուրգում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանագահ երկրների արտգործնախարարների հն-չեցրած յստակ պահանջին՝ անվերապահ պահպանել 1994-1995թթ. զինադադարի համաձայնագրերը», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը՝ եռանախագահներուն միջոցով, բազմիցս կոչ ուղղած է յարգելու զինադադարը, յատկապէս տօնական օրերուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ ռազմական գործողութիւն կատարելով Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախաշեմին՝ Պաքուն համամարդկային արժեհամակարգին դէմ կը գործէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզում յայտնած է այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները, անյապաղ քայլերով պէտք է սթափեցնեն իրենց կոչերն ու պահանջները բացայայտօրէն արհամարհող, անոնց հակառակ ընթացող, իրականութեան զգացումը կորսնցուցած ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը։

Քաղուած <<Ասպարէզ>> էն








All the contents on this site are copyrighted ©.