2016-12-30 09:54:00

«Երուսաղէմը պէտք Է դառնայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը» կ՛ըսէ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ լրագրողներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Երուսաղէմը պէտք է դառնայ երկու պետութիւններու` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մէկուկէս ժամ տեւած իր զրոյցին ընթացքին Քերրի բացատրած է, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը 23 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ձեռնպահ մնաց Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը անմիջապէս դադրեցնել պահանջող բանաձեւին շուրջ քուէարկութեան ընթացքին:

Ան ընդգծած է, որ Թել Աւիւի կողմէ այդ քաղաքականութեան շարունակումը պիտի խոչընդոտէ «երկու պետութիւն` երկու ժողովուրդի համար» սկզբունքին իրագործումը: «Եկէք յստակ խօսինք, նոր բնակավայրերու կառուցումը ոչ մէկ կապ ունի Իսրայէլի անվտանգութեան հետ», ըսած է ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ Իսրայէլին կոչ ուղղած է` ճանչնալու 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մայրաքաղաքով Պաղեստինեան պետութիւնը:

«Մենք չենք կրնար հաշտութիւն պարտադրել», նշած է ան` խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան ուղղակի բանակցութիւններուն մասին: Քերրի զգուշացուցած է, որ եթէ Իսրայէլ չընդունի «երկու պետութիւն` երկու ժողովուրդներու համար» սկզբունքը, ապա ան պիտի չկարենայ «իսկական խաղաղութեան մէջ ըլլալ մնացեալ արաբական երկիրներուն հետ: Եւ ես կրնամ վստահօրէն յայտարարել այդ մասին»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.