2016-12-29 11:10:00

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր ժողովը միաբանութեան նոր մեծաւորուհի ընտրեց` 71 ամեայ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը

Քոյր Արուսեակ ծնած է 1945-ին Հալէպ` կի­լի­կե­ցի վե­րապ­րած բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի մը մէջ։  Ու­սու­մը ստա­ցած է ­Հա­լէ­պի Ա­նա­րատ Յ­ղու­թեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ 19 տարեկանին  կ՛անդամակցի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան եւ աւարտելէ ետք 3 տա­րո­ւան կրօ­նա­կան կազմաւորումը, ու իր ուխտերը կատարելէ ետք կը մեկ­նի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նա­լու, միա­ժա­մա­նակ ան կ­՛ու­սում­նա­սի­րէ շրջա­նի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ու հայ­կա­կան հա­մայն­քին պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թիւ­նը` հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան մը հիմ­նե­լու գծով:

Քոյր Ա­րու­սեա­կի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին լոյ­սին տակ, միա­բա­նու­թիւ­նը կ­՛ո­րո­շէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­ռա­ջին վար­ժա­րա­նը հիմ­նել եւ, այդ­պի­սով, իր դպրոց­նե­րուն ոս­կեշղ­թան կ­՛եր­կա­րէ Ա­մե­րի­կա, ուր կազ­մա­ւո­րո­ւե­լու սկսած էին ար­դէն նոր հայ­կա­կան գա­ղութ­ներ: 1967ին քոյր Ա­րու­սեակ ­Սա­ճո­նեան, քոյ­րեր Հ­ռիփ­սի­մէ ­Չիֆ­թե­լեա­նի եւ ­Վա­լան­թի­նի հետ, մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով եւ միա­ցեալ ջան­քե­րով կը հիմ­նէ ­Ֆի­լա­տել­ֆիոյ ­Հայ ­Քոյ­րե­րու վար­ժա­րա­նը այնտեղ ծառայելով երկար տարիներ:

Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները կը մղեն Քոյր Արուսեակը, որուն երազն էր ծառայութիւն մատուցանել Մայր Հայրենիքին մէջ, լքելու ամէն պաշտօն ու փութալու Հայաստան։­ Ան կ՛ըլլայ  ա­ռա­ջին­նե­րէն, որ 1990ին հրա­ժա­րե­լով Հ­ռո­մի միա­բա­նու­թեան իր փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նէն` կը մեկնի ­Հա­յաս­տան եւ քոյր Ար­շա­կու­հիին հետ միասին կը հաստատուին  ­Գիւմ­րի: 

Ան, այդ մթին օ­րե­րը այս­պէ՛ս կը յի­շէ. «1990ին գա­ցի նախ Ս­պի­տակ, ա­պա ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին գիւ­ղե­րը` Ա­րե­ւիկ, ­Փա­նիկ, ­Լան­ջիկ… Ա­նոնց գիւ­ղա­պետ­նե­րը մեզ հրա­ւի­րե­ցին` իբ­րեւ դպրոց­նե­րու կրօ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րու, ա­պա՝ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մենք պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցանք իբ­րեւ կրօ­նի դա­սա­տու­ներ գիւ­ղե­րու մէջ: Գիւմ­րին ե­ղաւ մեր կեդ­րո­նը, ո­րով­հե­տեւ հոն կը գտնո­ւէր հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը»:

Քոյր Արուսեակ կը յաջողի  Անարատ Յղութեան հայր քոյրերու միա­բա­նու­թեան մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տել ­Գիւմ­րիի մէջ հիմնելով ''Պօղոսեան'' համալիրը: 1996ին կը կա­ռու­ցո­ւի «­Տի­րա­մայր ­Հա­յաս­տա­նի ­Պօ­ղո­սեան կրթա­կան կեդ­րոն» որ­բե­րու տու­նը, որուն բացումը կը կատարուի 1998ին ուր կը հիւ­րըն­կա­լուին 65 որ­բեր, ո­րոնք Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած­ներ էին…

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Քոյր Արուսեակ  կը դառնայ այդ որբերու մայր` եւ անոր խնամքով ու բարերարներու օգնութեամբ` այդ որբերը կը մեծնան, գոր­ծի տէր կը դառնան, ու Քոյր Արուսեակին ուրախութիւնը կը շնորհեն` զաւակներէ անդին  ունենալու նաեւ թոռ­ներ։

2015 յունիսի 13-ին, զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու բարերարութեամբ, Քոյր Արուսեակ կը յաջողի Երեւանի մէջ բանալ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան «Անի Պէզիքեան Երիտասարդական Կեդրոն»ը որուն նպատակն է, ծառայել որպէս բնակութեան եւ զարգացման վայր, Անարատ Յղութեան քոյրերու հիմնած` Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ’ուսանին Երևանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մարզերէն Երևանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու: 

2015 նոյեմբերի 13-ին Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստի դպրոցին մէջ  Ֆրանսիայի նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտի տնօրինութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեան՝ կը պարգեւատրուի ''Ֆրանսիայի ազգային վաստակներու'' շքանշանով,  ի գնահատում անոր մարդասիրական լայնածաւալ և օգտակար գործունէութեան։

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը  անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք` Գիւմրիին ու Շիրակի մարզին հետ։ Ան ճանչցուած է նաեւ որպէս Հայաստանի Մայր Թերեզան: 

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ նոր ընտրեալ մեծաւորուհին ու Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան բոլոր ընտանիքը, մաղթելով պտղաբեր առաքելութիւն։

(Քաղուած զանազան աղբիւրներէ)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.