2016-12-29 09:43:00

''Սուրբ Ծնունդը յոյսի տօն է'' Ֆրանչիկսոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 28 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները մաղթելով որ անոնք պահպանեն Ծննդեան ուրախութիւնը, աղօթքի մէջ հանդիպելով Փրկչին, որ կ՛ուզէ մօտիկ ըլլալ մեզի։ ''Այս է Ս. Ծննդեան մեր յոյսը ըսաւ Քահանայապետը­, Յիսուս Քրիստոս` Փրկիչը ծնաւ, Աստուած մեր հետ է։ Ասոր համար պէտք չէ վախնանք ապագայէն։ Ընթանանք դէպի յառաջ` Քրիստոսի հետ հաղորդութեան մէջ''։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ Մանուկ Յիսուսին մէջ յայտնուեցաւ Երկնային Հօր ողորմածութեան դիմագիծը որ մեզ կ՛ուզէ լիացնել մխիթարութեամբ ու շնորհքներով որպէսզի մեր կարգին զանոնք փոխանցենք ուրիշներուն։

Յիսուս Ծնունդը, ըսաւ Սրբազան Պապը, վստահութեան եւ յոյսի տօնն է որովհետեւ Աստուած մեր հետ է ու տակաւին մեր վրայ վստահութիւն ունի։

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութեան աւարտին ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք իր տարեդարձին առթիւ բարեմաղթութիւններ ու աղօթքներ նուիրեցին, ապա հայցեց որ Խաղաղութիւնը հաստատուի համայն աշխարհին մէջ, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող նորապսակներուն զանոնք որակելով քաջեր, որովհետեւ, ըսաւ Ան, ամուսնութիւնը այսօր քաջութիւն կ՛ուզէ ու խրախուսեց զանոնք ընտանիքը կառուցելու համար` վառ պահել սէրն ու նուիրումը ինչպէս նաեւ զոհողութեան հոգին եւ օրը չ՛աւարտել առանց հաշտութեան։

Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ կրկէսի աշխարհի ներկայացուցիչներ որոնք ելոյթ ունեցան գեղարուեստական յայտագիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.