2016-12-28 11:40:00

Յունուար մէկէն ի զօրու կը դառնայ՝՝Մարդկային ամբողջական զարգացման ծառայութեան’'ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 1 յունուար 2017ին, ի զօրու կը դառնայ՝՝Մարդկային ամբողջական զարգացման ծառայութեան՝՝  Քահանայապետական ժողովը, որ հաստատուեցաւ անցեալ 31 օգոստոս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հրապարակած ինքնագիր հրամանագիրով մը,  որ կը կրէր 17 օգոստոսի թուականը։

Յիշեալ նորակազմ  Քահանայապետական ժողովի մէջ կը ներառուին, քահանայապետական 4 խորհուրդներ ՝ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, Քոր Ունում, գաղթականններու հովուական ծառայութիւն եւ առողջապահական  գործչիներուն մարմիններ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ  վերոյիշեալ ժողովին կառավարիչ նշանակած է  մինչեւ օրս գործող քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնը։

Նորակազմ ժողովը ունի բաժանմունք մը որ անմիջական օրէն պիտի զբաղի գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներուն հարցերով,  Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի առաջնորդութեամբ։

Ժողովը յատուկ կերպով պիտի զբաղի գաղթականներու,  հիւանդներու , մեկուսացեալներուն,  պատերազմներու զոհ գացած անձերու ,բանտարկեալներու, ստրկութեան տակ գտնուող եւ չահագործումի ենթարկուած  անձերու հարցերով։

Նորակազմ ժողովը պիտի զբաղի նաեւ մարդու իրաւունքներով , յատկապէս հայող աշխատանքի, ներառեալ անչափահասներու  աշխատանքը, մարդավաճառութեան երեւոյթով, մահապատիժի եւ զինաթափումի հարցերով։      








All the contents on this site are copyrighted ©.