2016-12-28 09:27:00

Մոսկուան,Անգարան եւ Թեհրանը կը նպաստեն Սուրիոյ կողմերուն միջեւ ապագայ համաձյանութեան մը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Մոսկուա, Անգարա եւ Թեհրան կը նպաստեն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան բանաձեւման»:

«Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն բխեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ երեք երկիրները պատրաստակամութիւն յայտնեցին նպաստելու սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ապագայ համաձայնութեան մը բանաձեւման, ինչպէս նաեւ այդ համաձայնութեան գործադրութեան երաշխաւորի դերը ստանձնելու», ըսաւ Լաւրով:

Պատասխանելով լուծումէն ետք սուրիական պետութեան վարչակարգին հաւանական տարազին մասին հարցումի մը` Լաւրով ըսաւ. «Այդ հարցը եւ սուրիական թղթածրարին վերաբերող այլ հարցերը ոչ ոք կրնայ լուծել, բացի նոյնինքն սուրիացիներէն`  ազգային համապարփակ երկխօսութեան ծիրին մէջ»:

«Մոսկուա կը յուսայ գործնապաշտական երկխօսութեան ձեռնարկել ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ, որ յառաջիկայ ամիս կը ստանձնէ իշխանութիւնը` լուծելու համար Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապները», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Պէտք է վերականգնենք երկու երկիրներու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը, որ գրեթէ ամբողջովին առկախուեցաւ»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն  








All the contents on this site are copyrighted ©.