(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 28 դեկտմեմբրին, Իտալական Քարիթասի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ շաբաթ, 31 դեկտեմբերին, Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ խաղաղութեան 49-րդ քայլարշաւը, նախաձեռնութեամբ Իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, ընկերային եւ աշխատանքի հարցերու ազգային գրասենեակի , Իտալական Փաքս Քրիսթի, Քարիթասի եւ Ացիոնէ Քաթոլիքա եկեղեցական շարժումին եւ կազմակերպութեամբ Պոլոնիա թեմին։
Յիշեալ խաղաղութեան 49-րդ քայլարշաւի խորագիրն է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 12 դեկտեմբերին լոյս տեսած խաղաղութեան 50-րդ օրուայ առթիւ պատգամին տիտղոսը , ''Բռնութեան վերացումը` Խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ''։ Խաղաղութեան համաշխարհային օրը կը նշուի 1 յունուար 2017-ին ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |