2016-12-28 09:33:00

Ինչպիսին էր 2016 թուականը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան համար. Մամուլի Ասուլիս։


Դեկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մամուլի ասուլիսը: Ըստ Hayernaysor.am-ի՝ նախարարը համառօտ կերպով ներկայացուցած է 2016-ի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, նշած, որ գերատեսչութեան գործունէութիւնը նպատակաուղղուած է գերակայ ծանօթ խնդիրներու լուծման ու նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման:

«Հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերու, ներառեալ` սուրիահայերու, հասարակութեան ընդելուզման գործընթացի եւ կառուցակարգերու կատարելագործում» գերակայ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ շարունակուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած փախստականներու կեցութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ այլ հարցերու լուծման ուղղուած աշխատանքները, կազմակերպուած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի 8 նիստ, «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական 6 ցուցահանդէս-տօնավաճառ: 2016-2017 ուսումնական տարին սուրիահայ 436 ուսանողներու ուսման վարձավճարներու 70%-ը վճարուած է ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, իսկ ծայրայեղ կարիքաւոր սուրիահայ 25 ուսանողի ուսման վարձավճարներու մնացած 30 տոկոսը փոխհատուցած է Հայ օգնութեան ֆոնտը: Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստը տարբեր ճամբարներու մէջ, որոնց աջակցած են «Սէյվ տը Չիլտրըն Ինթըրնէշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը եւ Հայ օգնութեան ֆոնտը: Նոյեմբերին Դարբնիկ համայնքին մէջ «Հաուըրտ Գարակէոզեան» ԲԲՀԿ բժշկական անձնակազմին կողմէ կատարուած է 45 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական զննում: Բուժման կարիք ունեցողները ուղեգրուած են «Հաուըրտ Գարակէոզեան» ԲԲՀԿ դարմանատուներ` անվճար բուժում ստանալու համար:

Կարեւոր համարուած են նաեւ Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան ծիրին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման նպաստող ձեռնարկները: Յաջողութեամբ իրականացած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոց», «Արի տուն» ծրագիրները,  մասնակիցներու համար 2016-ին եւս կազմակերպուած են հայոց լեզուի արագացած դասընթացներ:

Նախարարը նշած է, որ «2016-ին նախարարութեան վերոնշեալ բոլոր ծրագիրները նուիրուած եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որ աննախադէպ եղած է մասնակիցներու թիւով: Ասմունքի, Տուտուկի փառատօներուն, Երգչախմբային արուեստի, Պարարուեստի օրերուն մասնակցած է ` շուրջ 2000 մարդ աշխարհի 23 երկրէ:

2016-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ իրականացած է Համահայկական 8 համաժողով եւ գիտաժողով, որոնց մէջ` «Հայաստան. ստեղծենք միասին» աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններուն մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու առաջին  հաւաք, «Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» գիտաժողով,  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հիմնադրման 60-ամեակին նուիրուած գիտաժողով, Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողով, «Մայրենի լեզուի ուսուցման խնդիրները Ռուսաստանի Դաշնութեան հայ համայնքներուն մէջ» համաժողով, Աւետիս Ահարոնեանի 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով եւ այլն:

Նախարարը 2017-ը յայտարարած է Արցախի տարի եւ նշած, որ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին սկիզբ առաւ «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» շարժումը, որ լայն թափ կը ստանայ: Նախարարութեան «Հայերը այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ բացուած է «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» բաժինը, ստեղծուած է դիմատետրի էջ` «What Are You Doing For Karabakh» վերտառութեամբ, ուր կը ներկայացուին շարժման ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկները:

Միջոցներ ձեռնարկուած են հանրային իրազեկման եւ հասարակութեան հետ յետադարձ կապի պատշաճ ապահովման համար, նախարարութեան կայքէջին վրայ կը տեղադրուին ամփոփիչ տեղեկանքներ շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներու մասին:

Սփիւռքահայերուն իրաւական օգնութեան  նպատակով http://www.mindiaspora.am  կայքէջին վրայ բացուած է նոր պատուհան»:

Այնուհետեւ, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.