2016-12-28 09:39:00

Թեզէյի երիտասարդներու 39-րդ հաւաքը Ռիկայի մէջ 28 դեկեմբերէն - 1 յունուար 2017։


(Ռատիօ Վատիկան) Լաթվիայի մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի կʼունենայ Եւրոպայի երիտասարդութեան 39րդ համամիութենական հաւաքը, կազմակերպուած Թեզէի համամիութենական հասարակութեան կողմէ՝ Լաթվիայի Եկեղեցւոյ եւ քաղաքական իշխանութիւններու հրաւէրով։

Հաւաքի հինգ օրուան տեւողութեան ընթացքին, քրիստոնեայ հասարակութիւնները պիտի հիւրընկալեն զանազան երկիրներէ ժամանած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդները։ Եւրոպայի տարածքին տիրող ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, երիտասարդները կʼուզեն տալ խաղաղութեան եւ հաշտութեան պատգամ մը։

Երիտասարդները, 18-35 տարեկան, ամանորը պիտի անցընեն միասնական աղօթքով։ Երիտասարդներէն շատեր կու գան Ուքրանիայէն, Պելառուսիայէն եւ Ռուսաստանէն։

Առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի հանդիպումը մը տեղի կ՛ունենայ երբեմնի Սովետական երկրի մը մէջ։

Այս առիթով կը շեշտուի նաեւ հիւրասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ուխտաւորներու մեծ մասը պիտի օթեւանի ընտանիքներու մօտ։ Հարիւրի չափ եկեղեցական հասարակութիւններ պիտի ընդունին հիւրերը։ Երիտասարդներուն համար կարեւոր է տալ հաւատքի եւ եկեղեցիներու միութեան վկայութիւն։ Ասոր առընչութեամբ, Թեզէի հասարակութեան մեծաւոր՝ Եղբայր Ալոյզ, 2017 թուականին համար պիտի ներկայացնէ չորս իրագործելի առաջարկներ։

Հաւաքի ծրագիրը կը բովանդակէ նաեւ հանդիպում արուեստի, մշակոյթի եւ պատմութեան ասպարէզի մէջ գործող անհատներու միջեւ։ Հինգ օրուայ նիստերու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.