2016-12-27 08:30:00

''Քրիստոնեաներու մարտիրոսութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Ստեփանոսի օրերէն մինչեւ այսօր, քրիստոնեաներուն ապրած մերժումը, հալածանքը եւ մարտիրոսութիւնը'', նախատեսուած էին Յիսուսի կողմէ` ''Իմ անունիս համար բոլորէն պիտի ատուիք''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Երկուշաբթի 26 դեկտեմբերին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ աւելցնելով թէ ''Աշխարհ կ՛ատէ քրիստոնեաները նոյն այն պատճառին համար, որով ատեց Յիսուսը, որովհետեւ Ան Աստուծոյ լոյսը բերաւ, եւ աշխարհ նախընտրեց խաւարը՝ ծածկելու համար իր չար գործերը''։

Աշխարհային մտածողութեան եւ Աւետարանի միջեւ հակասութիւն կայ – ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ  ''Յիսուսի հետեւիլ, կը նշանակէ հետեւիլ լոյսին, որ վառուեցաւ Բեթղեհէմի գիշերուան մէջ, հեռացնելով աշխարհէն խաւարը''։

Ակնարկելով ապա օրուան սուրբին`Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ ''Ստեփանոս նախավկան քարկոծուեցաւ, որովհետեւ կը դաւանէր իր հաւատքը ի Յիսուս Քրիստոս։ Ընտրելով ճշմարտութիւնը, ան միաժամանակ եղաւ զոհը իր ժամանակի անօրէնութեան։ Սակայն Ստեփանոս յաղթանակեց՝ Քրիստոսով''։

''Այսօր ալ, Եկեղեցին շատ մը վայրերու մէջ ենթակայ է հալածանքի, մինչեւ իսկ մարտիրոսութեան։ Մեր հաւատքի եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր ենթարկուած են չարաշահումի, բռնութեան եւ ատուած են՝ որովհետեւ կը հաւատան Յիսուսի։ Այսօրուան մարտիրոսներու թիւը առաւել է քան առաջին դարերու մարտիրոսներունը։ Անցեալի նոյն դաժանութիւնը այսօր ալ աւելի մեծ թիւով կը կրկնուի քրիստոնեաներուն նկատմամբ'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց  մտածել անոնց մասին, որոնք հալածանքներ կը կրեն, յատուկ կերպով անդրադառնալով Իրաքի քրիստոնեաներուն, որոնք Սուրբ Ծննդեան տօնը կատարած էին աւերուած տաճարին մէջ։ ''Անոնք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Հակառակ փորձութիւններու եւ վտանգներու, քաջութեամբ կը վկայեն իրենց Քրիստոսի պատկանելիութիւնը։ Անոնք կ՛ապրին Աւետարանը, նուիրուելով կարիքաւորներուն, վկայելով իսկական սէրը''։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որ բոլոր հաւատացեալները նորոգեն իրենց՝ Քրիստոսի, միակ առաջնորդին, հետեւելու ուրախ եւ քաջարի կամքը` հետեւելով Աւետարանի մտայնութեան ու մերժելով աշխարհիկ մտայնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.