2016-12-27 13:02:00

Սփիւռքի Նախարարութիւնը 2017-ն յայտարարեց Արցախի տարի


ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2017 թուականը յայտարարեց Արցախի տարի: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ գալիք տարուան բոլոր ծրագիրները ուղղուած պիտի ըլլան Արցախի հիմնախնդրի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

«Անցնող տարուան ընթացքին պէտք է իրականացնէինք 22 ծրագիր, որոնք ամբողջութեամբ իրականացուցած ենք: Մեր գործողութիւններն ու նախագիծերը մասնաւորապէս կը վերաբերէին համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ ներքին մարտահրաւէրներուն: Տարածաշրջանային զարգացումները մեզի համար բարենպաստ չէին: Կրնանք արձանագրել, որ ապրիլեան յարձակման ժամանակ՝ Սփիւռքը համախմբուեցաւ: Ամբողջ Սփիւռքը կանգնեցաւ Արցախի կողքին, ամէնուր յայտարարութիւններ տարածեց, հաւաքներ կազմակերպեց: Նախարարութիւնը ամբողջութեամբ կ՝աշխատէր աւելի քան 100 համայնքներու հետ, աշխատանքը կը համադրէր Արցախի կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Չգտնուեցաւ որեւէ համայնք, որ իր բարոյական եւ նիւթական օգնութիւնը չցուցաբերէր Արցախին»,- յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը նշեց, որ 2016 թուականին սկիզբ դրուեցաւ «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» հսկայածաւալ շարժման, որուն միացան եւրոպական 25 երկրի դպրոցներ, համայնքային կառոյցներ:

«Անիկա մեծ արձագանգ գտաւ Սփիւռքի մէջ: Այդ իսկ պատճառով՝ խորհրդակցելով Սփիւռքի շարք մը կառոյցներու հետ` որոշեցինք եկող տարին նուիրել Արցախին: Ազգովի պէտք է հասկնանք, որ Արցախի հզօրութիւնը, խնդրի կարգաւորումը Արցախի տնտեսութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, պաշտպանութեան հզօրացումն է»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան` ներկայացնելով նախաձեռնութիւն մը, որուն ծիրէն ներս՝ մանկագիր Նունէ Սարգսեանի` Արցախի բարբառով գրուած գիրքերը պիտի ուղարկուին արցախցի երեխաներուն:

Նախարարը նաեւ պատմեց 81-ամեայ Սիրան Միսակեան-Պասմաճեանի մասին, որ 16 տարի առաջ Ֆրանսայէն վերադարձած է Հայաստան: Այժմ ան կ՝ապրի Արմաւիրի մարզի Ջրաշեն գիւղին մէջ: Տարէց կինը իր թոշակով կը պատրաստէ հագուստ եւ կ՝ուղարկէ սահմանամերձ շրջաններու զինծառայողներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.