2016-12-27 09:26:00

Բարթողոմէոս Պատրիարքը 2017 տարին ''մանուկներու սրբութեան տարի'' կը հռչակէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը, Սուրբ Ծննդեան իր պատգամին մէջ, 2017 թուականը հռչակած է մանուկներու սրբութեան տարի։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պատրիարքը կը յիշէ, թէ մանուկներուն կը սպառնան ոչ միայն պատերազմներ եւ տեղահանութիւններ, այլ նաեւ ընտանիքի տագնապը եւ սպառողականութիւնը տնտեսապէս յառաջադէմ եւ քաղաքականօրէն կայուն երկիրներուն մէջ։

Ամուսնութեան եւ ընտանիքի տագնապը պատճառ կը դառնայ մարմնական եւ հոգեկան բռնութեան զանազան կերպերու։ Մանուկի մը հոգին կը կը ձեւաւորուի ելեկտրոնային հաղորդամիջոցներու եւ յատկապէս հեռատեսիլի եւ համացանցի ծաւալուն գործածութեամբ։

Սպառողականութեան տնտեսութիւնը մանուկները արդէն իրենց երիտասարդ տարիքին կը վերածէ սպառողներու, որոնք կը փնտռեն հաճոյք, եւ անոնք արագ կերպով կը կորսնցնեն իրենց անմեղութիւնը։ Պատրիարքը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ Սուրբ Աւետարանի խօսքը՝ «Եթէ չըլլաք մանուկներու նման, պիտի չմտնէք Աստուծոյ արքայութեան մէջ», անդրադառնալով մանուկներու պարզութեան եւ շեշտելով, թէ Աստուած ինքզինք աշխարհի կը յայտնէ «մաքուր սրտի եւ մանուկի պարզութեան միջոցաւ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.