2016-12-26 08:45:00

Սուրբ Ստեփանոսի տօնին առիթով հալածուած քրիստոնեաներու համար աղօթքի օր Գերմանիոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբեր 26ին, Սուրբ Ստեփանոսի Տօնին առիթով, Գերմանիոյ կաթողիկէները կոչուած են աղօթքի օր մը անցընել հալածուած եւ ճնշումի ենթարկուած քրիստոնեաներուն համար։ Այս առիթով յատուկ կերպով պիտի յիշատակուին Սաուտական Արաբիոյ քրիստոնեաները, որոնք պարտադրուած են իրենց հաւատքը գաղտնաբար ապրիլ։ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական ժողովը հաւատացեալներուն համար պատրաստած է հարկաւոր տեղեկութիւնները եւ զօրակցական աղօթքի համար պէտք եղած նիւթերը։ Հալածուած եւ ճնշուած քրիստոնեաներու համար մատուցուած աղօթքի օրը հաստատուած է 2003 թուականին։ Պամպերկ քաղաքի Արքեպիսկոպոսը, Գերապայծառ Լուտվիկ Շիք, Հարաւային Արաբիոյ եւ Ապու Տապիի Առաքելական Փոխանորդին հետ միասին, դեկտեմբեր 1ին ներկայացուցած էին տեղեկատուական թղթածրար մը արաբական թերակղզիի քրիստոնեաներուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.