2016-12-25 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան ''Ուրպի էթ Օրպի'' պատգամը. ''Մեզի ծնաւ խաղաղութեան իշխանը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 25 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն յղեց Սուրբ Ծննդեան պատգամը ապա համայն աշխարհին շնորհեց Ուրպի էթ Օրպի առաքելական օրհնութիւնը։

Նորին Սրութիւնը պատգամին սկիզբը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Այսօր Եկեղեցին կ՛ապրի Սուրբ Կոյս Մարիամին, Սուրբ Յովսէփին ու բեթղեհէմի հովիւներուն հիացմունքը, նայելով  ծնած Մանուկին որ կը քնանայ մսուրին մէջ. Յիսուս մեր Փրկիչը։

Լոյսով լի այս օրուան մէջ, դարձեալ կը հնչէ մարգարէական պատգամը ''Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ, եւ իշխանութիւնը Անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի. Խորհրդակից. Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան հայր, Խաղաղութեան Իշխան (Եսայի 9,6)։

Այդ Մանուկին` Աստուծոյ ու Մարիամին որդոյն իշխանութիւնը, այս աշխարհի իշխանութիւն չէ որ հիմնուած է ուժի եւ հարստութեան վրայ, իշխանութիւն է սիրոյ։

Իշխանութիւն որ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, որ կեանք կու տայ արարածներուն, հանքերուն, բոյսերուն եւ անասուններուն. Ուժն է որ կը հրապուրէ այրն ու կինը ու անոնցմէ կը կազմէ մէկ մարմին, մէկ էութիւն։ Զօրութիւնն է որ կը վերակենդանացնէ, կը ներէ յանցանքները, կը հաշտեցնէ թշնամիները ու չարը բարիի կը վերածէ։ Աստուծոյ իշխանութիւնն է։  Այդ սիրոյ իշխանութիւնը Յիսուս Քրիստոսը մղեց մերկանալ իր փառքէն ու մարդ դառնալ։ Ու զայն պիտի առաջնորդէ իրեն կեանքը տալու խաչին վրայ եւ յարութիւն առնելու մեռելներէն։ Ծառայութեան զօրութիւնն է որ աշխարհի մէջ կը հաստատէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը` արդարութեան եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն։

Ասոր համար Յիսուսի ծնունդին կ՛ընկերանայ հրեշտակներու տաղը որոնք կը հռչակեն ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց` իր սիրելիներուն (Ղուկ. 2,14)

Այսօր այս պատգամը կը տարածուի համայն աշխարհ եւ կ՛ուզէ հասնիլ բոլոր ազքերուն, յատկապէս անոնց որոնք վիրաւորուած են պատերազմէն ու դառն հակամարտութիւններէն ու զօրեղ իղձն ունին խաղաղութեան։

Խաղաղութիւն նահատակ Սուրիոյ այրերուն ու կիներուն, ուր ահագին արիւն հեղեց, յատկապէս Հալէպի մէջ, որ վերջին շաբաթներուն եղաւ ամենադաժան մարտերու թատերասրահ, հրատապ է ապահովել օգնութիւն եւ սփոփանք քաղաքի սպառած բնակչութեան, յարգելով մարդկայնական իրաւունքը։

Ժամանակն է որ զէնքերը լռեն վերջնականապէս եւ միջազգային հասարակութիւնը գործնական  քայլեր ձեռնարկէ` հասնելու համար բանակցային լուծումի եւ երկրին մէջ վերահաստատուի քաղաքացիական համակեցութիւնը։

Խաղաղութիւն Աստուծմէ սիրուած եւ ընտրեալ սիրեցեալ Սուրբ Երկրին, այրերուն ու կիներուն։ Իսրայէլացիներ ու պաղեստինցիներ քաջութիւնն ու վճռակամութիւն ունենան պատմութեան նոր էջ մը գրելու, ուր ատելութիւնն ու ոխը տեղ տան այն կամքին` միասնաբար կերտերու փոխադարձ հասկացողութեան եւ ներդաշնակութեան ապագայ մը։

Թող որ Իրաքն ու Լիպիան եւ Եմէնը, որոնց բնակիչները կը տառապին պատերազմէ ու ահաբեկչական ահեղ գործողութիւններու պատճառաւ, վերագտնեն միութիւնն ու համերաշխութիւնը։

Խաղաղութիւն Ափրիկէի զանազան շրջաններու այրերուն եւ կիներուն, յատկապէս Նիճերիոյ մէջ` ուր ծայրայեղական ահաբեկչութիւնը կը չարաշահէ նաեւ մանուկները, մահ ու սարսափ սերմանելու համար։ Խաղաղութիւն հարաւային Սուտանի մէջ, Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ. որպէսզի վերացուին բաժանումները եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը յանձնառու ըլլան սկսելու զարգացումի եւ բաժնեկցութեան ճանապարհ մը, հակառակութեան տրամաբանութեան նախընտրելով երկխօսութեան մշակոյթը։

Խաղաղութիւն կիներուն եւ այրերուն որոնք տակաւին կը տառապին Արեւելեան Ուքրանիոյ հակամարտութեան հետեւանքով, ուր հրատապ է միասնական կամք մը, սփոփանք տանելու համար բնակչութեան եւ իրականացնելու յանձն առնուած յանձնառումները։

Համախոհութիւն կը հայցենք սիրելի Քոլոմպիայի ժողովուրդին որ կը ձգտի երկխօսութեան եւ հաշտութեան նոր ու համարձակ ուղեւորութիւն մը սկսիլ։ Թող որ այդ քաջութիւնը ոգեւորէ սիրեցեալ Վենեզուելլան, անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու համար որպէսզի վերջ դրուի ներկայ լարուածութիւններուն ու միասնաբար կերտուի յոյսի ապագայ մը համայն բնակչութեան համար։

Խաղաղութիւն բոլոր անոնց որոնք տարբեր շրջաններու մէջ կը դիմագրաւեն տառապանքներ մշտական սպառնալիքներու եւ գոյատեւող անարդարութիւններու պատճառաւ։ Թող որ Մայանմարը կարենայ ամրապնդել ջանքերը խաղաղ համակեցութիւնը կարելի դարձնելու համար եւ միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ, անհրաժեշտ պաշտպանութիւնը եւ մարդկայնական օգնութիւնը երաշխաւորուի բոլոր անոնց որոնք լուրջ եւ հրատապ կարիքներու կը կարօտին։ Թող որ Քորէական թերակղզին յաղթահարէ զինք յուզող լարուածութիւնները  համագործակցութեան նոր հոգիով։

Խաղաղութիւն բոլոր անոնց որոնք` զանազան երկիրներու ու քաղաքներու սրտին մէջ ահ ու սարսափ սերմանող ահաբեկչութեան արարքներու պատճառաւ սիրելիներ կորսնցուցին։ Խաղաղութիւն- ոչ թէ խօսքով այլ շօշափելի եւ գործնական կերպով – մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք լքուած բացառուած են, անոնց որոնք կը տառապին անօթութեան պատճառաւ եւ անոնց որոնք թիրախ են բռնութիւններուն։

Խաղաղութիւն գաղթականներուն, փախստականներուն եւ ապաստանեալներուն, ու բոլոր անոնց որոնք զոհ են մարդավաճառութեան։

Խաղաղութիւն ժողովուրդներուն որոնք կը տառապին քիչերու տնտեսական ձգտումներուն ու ստրկութեան տանող դրամ աստուծոյ ճղճիմ արծաթսիրութեան պատճառաւ։

Խաղաղութիւն անոնց որոնք յատկանշուած են ընկերային ու տնտեսական նեղութիւններով, ու բոլոր անոնց որոնք կը տառապին երկրաշարժի ու այլ բնական աղէտներու հետեւանքներէն։

Խաղաղութիւն մանուկներուն, այս իւրայատուկ օրուան առթիւ, որուն մէջ Աստուած կը դառնայ Մանուկ. խաղաղութիւն յատկապէս այն մանուկներուն որոնք անօթութեան, պատերազմի եւ չափահասներու եսասիրութեան պատճառաւ զրկուած են մանկութեան ուրախութենէն։

Խաղաղութիւն երկրի վրայ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, որոնք ամէն օր կ՛աշխատին, համբերութեամբ եւ խոնարհաբար, ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ կառուցելու աւելի մարդկայնական  եւ աւելի արդար աշխարհ մը, այն համոզումով թէ միայն խաղաղութեամբ է որ կարելիութիւն կայ` բոլորին վերապահուած բարգաւաճ ապագայ մը կերտել։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,

''Մեզի Մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ, Ան Խաղաղութեան Իշխանն է'' ընկալենք զինք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը հուսկ ողջունելով հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ու համայն աշխարհին` ԶԼՄ միջոցաւ հետեւող հաւատացեալները ըսաւ։ 

Ձեզի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր որոնք աշխարհի զանազան վայրերէն համախմբուած էք այս հրապարակին վրայ ու բոլոր անոնց որոնք Ռատիոյի, հեռուստատեսիլի ու այլ զանգուածային հաղորդամիջոցներով կապուած են մեր հետ, կ՛ուղղեմ իմ բարի մաղթանքս։

Այս ուրախ օրուան առթիւ բոլորս կանչուած ենք խոկալու Յիսուս Մանուկին որ յոյս կը վերապարգեւէ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր մարդու։

Անոր շնորհքով, ձայն ու կեանք տանք այդ յոյսին, վկայելով զօրակցութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնդունդ բոլորին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.