2016-12-25 11:57:00

Կիրակի 25 Դեկտեմբեր 2016 ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ


Ամէն անգամ որ մանուկ մը կը ծնի աշխարհի վրայ, տեղի կ՛ունենայ մեծ հրաշք մը. Մարմնաւոր եւ մահկանացու էակին որ ծնունդ կ՛առնէ ընտանիքին մէջ` կը միանայ Աստուծոյ կողմէ տրուած անմահ հոգին, որ կ՛ապահովէ նորածին էակին` յաւիտենական անմահութիւնը։

Յիսուսի ծնունդը մեծագոյն հրաշքն է մարդկութեան պատմութեան համար, որովհետեւ աստուածային հոգին կը միանայ մարդկային մարմնաւոր բնութեան. Աստուած ինքնին կու գայ մարդկութեան մէջ, ստանձնելով մարդկային բնութիւնն ամբողջութեամբ. Ահա այս անպատմելի հրաշքի տարեդարձն է որ կը տօնենք այսօր, միացած մարդկային բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն հետ, որովհետեւ մանուկը որ կը ծնի` կը բերէ համայն մարդկութեան փրկութեան աւետիսը։

Բարի լուրը զոր հրեշտակները կ՛աւետեն հովիւներուն ու, անոնց միջոցաւ` բոլոր մարդկութեան, համաշխարհային Փրկիչի մը ծնունդն է, այն որ պիտի քաւէ մարդկութեան գործած սկզբնական անհնազանդութիւնը Աստուծոյ Օրէնքին դէմ, այն որ պիտի վերընծայէ, անխտիր բոլոր մարդոց` կարելիութիւնը հասնելու մեզի համար նախապատրաստուած յաւիտենական երջանկութեան։

Նորածին մանուկը, Յիսուս, Որդին Աստուծոյ, սահմանուած է այս երկրի վրայ ապրելու դժուարին ու չարչարալից կեանք մը, որ պիտի պսակուի անարգ մահով մը, խաչափայտին վրայ. Սակայն այս բոլորը յանձն պիտի առնէ հնազանդելով իր Հօր սուրբ կամքին եւ անոր նախագծած ծրագրին։ Այս պայմանով է որ ան ի վերջոյ պիտի փառաւորուի պանծալի յարութեամբ, որով պիտի ստանայ նոր եւ անմահ կեանք, զոր պիտի բաշխէ իրեն հետեւորդներուն։

Այսօր մանուկ Յիսուսը մեզի պատգամներ կու տայ մսուրին մէջէն.

Առաջին պատգամն է խաղաղութիւնը. Խաղաղութիւն` ազգերու միջեւ, դադարումովը պատերազմներու եւ իշխանութեան տիրանալու պայքարներու, որուն համար աղօթքով հարկ է որ մասնակից ըլլանք. Խաղաղութիւն` ընտանիքներու միջեւ, ուր հարկ է որ ամբողջովին մեր ջանքը թափենք, դադրեցնելով մեր մէջ տիրող քինախնդրութիւնն ու ատելութիւնը. Խաղաղութիւն` ի վերջոյ մեր հարազատներու հետ, մեր ընտանիքին մէջ, իրարու աւելի սերտ ու սիրալիր միացումով։

Երկրորդ պատգամն է խոնարհութիւնը, որպէսզի կարենանք ընկճել մեր մէջ տիրող հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը, որոնք յաճախ աղբիւրն են բոլոր չարիքներուն։

Երրորդ ու մեծագոյն պատգամն է սէրը, եղբայրսիրութեան հոգին, որով մեր սիրտը պիտի դառնայ նման Քրիստոսի մեր գերագոյն վարդապետի սրտին, իրմէ պիտի սորվինք ըլլալ հեզ եւ խոնարհ սրտով, ներել մեզի դէմ յանցանք գործողներուն, հաշտուիլ մեր հակառակորդներուն հետ եւ տարածել սիրոյ իր պատգամը, խօսքով եւ գործով` մեր շուրջը։

Ասով պիտի ճանչնան մարդիկ թէ մենք քրիստոնեայ ենք, եթէ սիրենք իրար զիրար։  Ահա Սուրբ Ծննդեան պատգամը, որ ծրագիր մըն է ոչ միայն տարուայ մը, այլ ամբողջ կեանքի մը։ Աստուած հաստատ պահէ մեզ մեր հաւատքին մէջ, սիրով լեցնէ մեր սրտերը եւ միշտ վառ պահէ յոյսը յաւիտենական կեանքին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.