2016-12-24 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Քահանայապետութեան չորրորդ Սուրբ Ծնունդի արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը կը  գլխաւորէ Քահանայապետութեան շրջանի չորրորդ Սուրբ Ծնունդի  արարողութիւնները որոնք կը սկսին 24 դեկտեմբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագով ու կը շարունակուին երկրորդ օրը` 25 դեկտեմբերի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն արտասանուած Սուրբ Ծննդեան պատգամով եւ ''Ուրպի Էթ Օրպի'' – Հռոմի ու Համայն աշխարհին - ուղղուած առաքելական օրհնութեամբ։

Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին այս տարուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները կ՛արտասանուին  զանազան լեզուներով` ամենակալ Տիրոջմէ հայցելով հաւատքի մէջ ամրապնդում, սիրոյ քաղաքակրթութեան կերտում, մեղքի ու խաւարին մէջ ապրողներուն սրտի դարձ ու ապաշխարութիւն ինչպէս նաեւ մանուկներուն համար պաշտպանութիւնն, հուսկ աղքատներուն համր մխիթարութիւն եւ սփոփանք։

2015 տարուայ Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր պահ մը լռութիւն պահել ու թոյլ տալ որ խօսի այդ Մանուկը զոր աշխարհ եկաւ որպէսզի մեզի սորվեցնէ ո՞րն է կեանքի իսկական եւ էական իմաստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.