2016-12-24 09:08:00

Միլանոյի մէջ սպաննուած է Պերլինի յարձակումին կասկածեալը


Միլանոյի ոստիկանութիւնը գնդակահարած է 19 դեկտեմբերին Պերլինի մէջ ծանր բեռնակառքով Ս. Ծննդեան տօնավաճառ ներխուժած թունուզցի Անիս Ամարին:

Գերմանիոյ դատախազութիւնը 100 հազար եւրոյի պարգեւ խոստացած էր Պերլինի մէջ ահաբեկչական արարքի հարցով կասկածելիի գտնուելու վայրին մասին տեղեկութիւններու համար:

Յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր 12 եւ 48 վիրաւոր:

ՏԱՀԵՇ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Միլանոյի մէջ սպաննուած անձը Պերլինի յարձակումին հեղինակն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.