2016-12-24 22:12:00

''Այս գիշեր փառքի, ուրախութեան եւ լոյսի գիշեր է'' Վատիկանի մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան՝ 9,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալները եւ որ ուղղակի եթերով սփռուեցաւ հեռուստատեսիլի եւ ռատիոյի կայաններէ։ Սրբազան Արարողութեան աւարտին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կառուցուած հսկայական մսուրին մէջ զետեղուեցաւ Մանուկ Յիսուսի արձանը։

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը  մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերը. “Որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր՝ մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ” (Տիտ Բ. 11), ու յարեց թէ Առաքեալի այս  խօսքերը կը յայտնեն այս սուրբ գիշերուան խորհուրդը։ Աստուծոյ շնորհքը կը յայտնուի, Անոր անշահախնդիր պարգեւը։ Աստուծոյ սէրը շօշափելի կը դառնայ այն մանուկին մէջ, որ մեզի շնորհուած է ։

Փառքի գիշեր մըն է այս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այն փառքին, որ հրեշտակները կը հռչակեն Բեթղեհէմի մէջ, եւ այսօր՝ մեզի, բոլոր աշխարհի մէջ։

Ուրախութեան գիշեր մըն է, որովհետեւ այսօր եւ ցմիշտ, Աստուած, Յաւիտենականը եւ Անսահմանը, “Աստուած ընդ մեզ է”. Հեռու չէ, պէտք չունինք զԱյն փնտռելու երկնքի անջրպետին մէջ, կամ խորհրդական գաղափարի մը մէջ։ Ան մօտիկ է, մարդացաւ եւ երբեք պիտի չանջատուի մեր մարդկութենէն, զոր իւրացուց։

Լոյսի գիշեր մըն է. այն լոյսին, որ մարգարէացաւ Եսայի (հմմտ Թ. 1), որ պիտի լուսաւորէ անոնք, որոնք կը քալէին խաւարի մէջ, եւ որ երեւեցաւ Բեթղեհէմի հովիւներուն (հմմտ. Ղուկ Բ. 9)։

Հովիւները պարզօրէն կը յայտնաբերեն, թէ “մանուկ մը ծնաւ մեզի համար” (Ես Թ. 5) եւ կը հասկնան թէ այս բոլոր փառքը, այս ամբողջ ուրախութիւնը, այս ամբողջ լոյսը կը կենդրոնանան մէկ կէտի մը վրայ՝ այն նշանին վրայ, որուն հրեշտակը կը նշէր՝ “Պիտի գտնէք մանուկ մը խանձարուրներու մէջ պատուած, եւ դրուած մսուրի մը մէջ” (Ղուկ Բ. 12)։ Այս է նշանը՝ գտնելու Յիսուսը. ոչ միայն այն ժամանակ, այլ նաեւ այսօր։ Եթէ կ՛ուզենք տօնել իսկական Սուրբ Ծնունդը, խոկանք այս նշանին վրայ. նորածինի մը փխրուն պարզութեան վրայ, իր մանկանալու հեզութեան վրայ, այն խանձարուրներու քնքշութեան վրայ, որոնք կը պատէին զինք։ Ահա այնտեղ է Աստուած։

Աւետարանի տուած այս նշանով մեզի կը յայտնուի հակասութիւն մը։ Կը խօսուի կայսեր, կուսակալի եւ այդ ժամանակի մեծերու մասին, սակայն Աստուած ինքզինք այնտեղ չի յայտներ. չ՛երեւիր ազնուական դահլիճի մը կամ թագաւորական պալատի մը մէջ, այլ ախոռի մը աղքատութեան մէջ. ոչ փառաւորութեան երեւոյթի մէջ, այլ կեանքի պարզութեան մէջ. ոչ ուժի մէջ, այլ փոքր վիճակով։

Հանդիպելու համար Անոր, պէտք է այնտեղ երթանք, հոն ուր Ան կը գտնուի. պէտք է կռանալ, խոնարհիլ, փոքրանալ։

Մանուկը, որ կը ծնի, կը դիմէ մեզի. մեզ կոչ կ՛ուղղէ լքել վաղանցիկ պատրանքները եւ ընթանալ դէպի էականը. հրաժարիլ մեր անյագ պահանջքներէն. լքել յարատեւ դժգոհութիւնը տրտմութիւնը։ Մեզի համար լաւ պիտի ըլլար թողուլ այս բաները, վերագտնելու համար խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը եւ կեանքի իմաստը՝ Աստուածամանուկի պարզութեան մէջ։

Թող մսուրի Մանուկը խօսի մեզի, թող մեզի խօսին նաեւ այն մանուկները, որոնք այսօր չունին օրօրոց մը, մօր մը եւ հօր մը գգուանքը, եւ դրուած են արժանապատուութեան սուտ եւ խեղճ մսուրներու մէջ. ստորերկրեայ ապաստանարանի մէջ՝ պաշտպանուելու համար ռմբակոծումներէն, մեծ քաղաքի մը մայթին վրայ, գաղթականներու ծանրաբեռնուած նաւու մը անկիւնը։ Թող մեզի խօսին այն մանուկները, որոնց թոյլ չենք տար որ ծնին. անոնք որոնք կու լան, որովհետեւ ոչ ոք կը յագեցնէ անոնց անօթութիւնը. անոնք, որոնք իրենց ձեռքին խաղալիքներ չունին՝ այլ զէնքեր։

Սուրբ Ծնունդի խորհուրդը, որ լոյս է եւ ուրախութիւն, թող խօսի մեր սրտին եւ ցնցէ մեզ, որովհետեւ յոյսի եւ միաժամանակ տրտմութեան խորհուրդ մըն է։ Իր հետ կը բերէ տրտմութեան համ մը, այն առումով, որ սէրը չէ ընդունուած, եւ կեանքը վատնուած է։ Այսպէս կը պատահի Յովսէփի եւ Մարիամի, որ փակ դռներու դիմաց կը գտնուէին, եւ Յիսուս կը դնէին մսուրի մը մէջ, “որովհետեւ իրենց համար տեղ չկար օթեւանի մէջ”։ Յիսուս կը ծնի մերժուած եւ ենթակայ անտարբերութեան։ Նաեւ այսօր ալ մեզի կրնայ պատահիլ նոյն անտարբերութիւնը, երբ Սուրբ Ծնունդը կը վերածուի տօնի մը, ուր դերակատարները մե´նք ենք եւ ոչ Ան։ Երբ առեւտուրի լոյսերը շուք կը ձգեն Աստուծոյ լոյսին վրայ։ Երբ կը յոգնինք նուէրներ հոգալու համար եւ լուսանցքի վրայ գտնուողներուն նկատմամբ կ’ըլլանք անզգայ։

Սակայն Սուրբ Ծնունդը ամենէն աւելի յոյսի համն է, որովհետեւ, հակառակ մեր խաւար կողմերուն, Աստուծոյ լոյսը կը շողայ։ Անոր լոյսը ազնիւ է, վախ չի պատճառեր։ Աստուած, սիրահարուած մեզի, մեզ կը քաշէ իր քնքշութեամբ, ծնելով աղքատ եւ փխրուն, մեզի նման։ Կը ծնի Բեթղեհէմի մէջ, որ կը նշանակէ “Հացի Տուն”։ Կարծէք կ’ուզէ ցոյց տալ մեզի, թէ ինք մեր հացն է. կը ծնի, որպէսզի Իր կեանքը տայ մեզի համար։ Կու գայ մեր աշխարհի մէջ, որպէսզի մեզի բերէ իր սէրը։ Չի գար կուլ տալու եւ հրամայելու համար, այլ սնուցանելու եւ ծառայելու համար։ Այս իմաստով ուղիղ կապ մը կայ մսուրի եւ խաչի միջեւ։ Սիրոյ կապն է, որ ինքզինք կը նուիրէ եւ մեզ կը փրկէ, որ մեր կեանքին լոյս կու տայ, եւ մեր սրտերուն՝ խաղաղութիւն։

Հովիւները հասկցան, որ իրենք լուսանցքի վրայ գտնուող անհատներ էին։ Սակայն Աստուծոյ կողմէ ոչ ոք լուսանցքի վրայ կը նկատուի։ Աստուած, հովիւնե´րը կը հրաւիրէր Սուրբ Ծնունդին։ Անոնք որոնք ինքնավստահ էին եւ ինքնաբաւ, կը մնային տուն իրենց ստացուածքին հետ, մինչ հովիւները “կ’երթային անյապաղ” (Ղուկ Բ. 16)։ Թող այս գիշեր Յիսուս մեզի ալ խօսքի, երթանք Անոր վստահութեամբ։ Թոյլ տանք որ փրկարար քնքշութիւնը մեզի հպի։ Մօտենանք Աստուծոյ, որ մեզի կը մօտենայ, կանգ առնենք դիտելու մսուրը, երեւակայենք Յիսուսի ծնունդը՝ լոյսը եւ խաղաղութիւնը, գերագոյն աղքատութիւնը եւ մերժումը։ Մուտք գործենք իսկական Սուրբ Ծնունդէն ներս, հովիւներուն հետ միասին, տանինք Յիսուսին այն, ինչ որ ենք՝ մեր սահմանափակումները, մեր չբուժուած վէրքերը։ Այսպէս, Յիսուսի մէջ, պիտի համտեսենք Սուրբ Ծնունդի հոգին, Աստուծմէ սիրուած ըլլալու գեղեցկութիւնը։ Մարիամի եւ Յովսէփի հետ միասին կանգ առնենք մսուրին առջեւ, Յիսուսի առջեւ, որ կը ծնի իբր հաց ի´մ կեանքիս համար։ Խորհինք իր համեստ եւ անսահման սիրոյ մասին, շնորհակալ ըլլանք անոր ըսելով՝ շնորհակալ եմ, որ այս բոլորը կատարեցիր ինծի համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.