2016-12-22 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնին ճառը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 22 դեկտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Քուրիայի անդամներուն անոնց փոխանցելով Սուրբ Ծննդեան ու ամանորի բարեմաղթութիւնները, անոնց ուղղած երկարաշունչ ճառի մը ընդմէջէն։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով Սուրբ Ծննդեան տօնին յայտնեց թէ Ծնունդը Աստուծոյ խոնարհութեան տօնն է, ու մէջբերեց այս  մասին Սուրբ Օգոստինոսին եւ Երանելի Պօղոս Զ-ի մտքերէն ու խօսքերէն հատուածներ հաստատելով թէ ''Աստուած ընտրեց ծնիլ փոքրիկ` որովհետեւ ուզեց սիրուած ըլլալ, հակազդելով աշխարհիկ տրամաբանութեան եւ իշխանութեան։ 

''Այս Մանուկ Քրիստոսի աստուածային դիմագիծին տպաւորիչ լոյսին ներքոյ է որ ուզեցի մեր այս տարեկան հանդիպումի նիւթ ընտրել ''Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումները'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անդրադարձ կատարելով բարեկարգումներուն ուղեգիծին, ընթացքին ու այդ բարեկարգումները կարգաւորող տրամաբանութեան ու ընդգծելով  ''բարեկարգումները անհրաժեշտ են ժամանակներու փոփոխութեան պատճառաւ` որպէսզի աւելի լաւ կերպով համապատասխանենք մարդոց ու կիներու կարիքներուն, որոնց կանչուած ենք ծառայել'', ու միեւնոյն ժամանակ Հռոմի Քուրիան դարձնելու աւելի ատակ իր նպատակին, որ է համագործակցիլ եւ օգնել Պետրոսի Յաջորդին` անոր յանձնուած  առաքելութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ բարեկարգումները արդիւնաւէտ կը դառնան միայն երբ անոնք կը կատարուին նորոգուած ''մարդոց'' միջոցաւ եւ ոչ թէ պարզապէս ''նոր'' մարդոց հետ։ Բաւարար չէ միայն անձնակազմը փոխել, հարկաւոր է նաեւ որ Քուրիայի անդամները նորոգուին հոգեպէս, մարդկայնապէս եւ մասնագիտական գետնի վրայ ու յատկապէս յարատեւ կազմաւորումի միջոցաւ ու յարատեւ ապաշխարութեան ճանապարհով - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''ասոր համար է որ անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին խօսեցաւ մի քանի ''Հիւանդութիւններու'' մասին եւ ապա ''կարեւոր առաքինութիւններու մասին'' Հռոմի Քուրիան պտղաբեր դարձնելու համար` անոր Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա թէ այս ընթացքին մէջ դժուարութիւնները անխուսափելի են ինչպէս նաեւ անխուսափելի է գտնել նաեւ դիմադրութիւններ եւ մտավախութիւններ ու հրաւիրեց այս առընչութեամբ ունենալ զատորոշումի կեցուածք եւ աւետարանական քաջութիւն ինչպէս նաեւ եկեղեցական իմաստութիւն` դիմելով նաեւ աղօթքի ու վստահելով Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա 12 կէտերու մէջ ներկայացուց Քուրիայի բարեկարգումի չափորոշիչ ուղեցոյցը։ Անհատականութիւն, հովուական խնամակալութիւն, միսիոներականութիւն, բանականութիւն, գործնականութիւն, արդիականութիւն, խոհեմութիւն, կարեկցութիւն, սիւնհոդոսականութիւն, կաթողիկէութիւն, մասնագիտութիւն եւ աստիճանականութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ մէկիկ մէկիկ անդրադարձաւ վերոնշեալ նիւթերուն, շեշտելով անձնական դարձի ու ապաշխարութեան, ինչպէս նաեւ հովուական դարձի կարեւորութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ ծառայութեան, նման Բարի Հովիւին։

Նորին Սրբութիւն հուսկ նշեց թէ եկեղեցական իւրաքանչիւր ծառայութեան նպատակակէտը Բարի Լուրը տարածելն է ` աւետարանելն է, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի եւ անձնական կոչումին ու այս իրականութեան լոյսին տակ նշեց թէ ինչու Հռոմի Քուրիայի մաս կազմող կարգ մը ''մարմիններու'' մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ­, համապատասխանելով ''ժամանակներու նշաններուն'' ու տիեզերական եկեղեցւոյ կարիքներուն։

 

Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց Եկեղեցւոյ մէջ Սիւնհոդոսականութեան անհրաժեշտութիւնը ու միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տիեզերականութեան արտացոլումը ու այս առընչութեամբ շեշտեց նաեւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կնոջ դերը։

Երկարաշունչ ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց 2013-էն ի վեր սկիզբ առած Հռոմի Քուրիային հայող բարեկարգումներուն գործընթացը թուելով այս առնչութեամբ առնուած որոշումները, ստեղծուած նոր մարմինները, սկսեալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անմիջական խորհրդատու` Ինը Կարդինալներու խորհուրդի ստեղծումէն, ներառեալ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան ստեղծումը` 27 յունիս 2015-ին­, ապա խօսքը աւարտեց վերահաստատելով թէ Ծնունդը Աստուծոյ խոնարհութեան տօնն է ապա մէջբերեց Հայր Մաթթա Էլ Մասքինին` Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած աղօթքը,

որուն մէջ կը խնդրուի ունենալ փոքրիկ դառնալու շնորհքը` որպէսզի մօտիկ ըլլանք Յիսուսին։

Մենք ու համայն աշխարհը ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ փրկութիւն պիտի գտնենք եթէ վերադարձ չի կատարենք դէպի Բեթղեհէմի մսուրը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, բոլոր ներկաներուն մաղթելով Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ բարի Նոր 2017 տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.