2016-12-22 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Վատիկանի պաշտօնեաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին,  Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները յայտնելու համար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպեցաւ Վատիկանի   պաշտօնեաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն  հետ։ Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ սոյն հանդիպումը իրեն համար շատ հաճելի է  , որովհետեւ առիթ է ՝ հանդիպելու վատիկանի բոլոր պաշտօնեաներուն ու իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ, ըլլան անոնք կողակիցներ, զաւակներ, պապիկներ ու մամիկներ։

Սրբազան Հայրը նախ ուզեց բոլորին հետ միասին շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ՝  շնորհած նուէրներուն համար։  Ապա ըսաւ,  որ շիտակ է, թէ  տօնական այս շրջանին նախ կը մտածենք ծննդեան նուէրներուն մասին, սակայն՝ իրականութեան մէջ առաջին ճշմարիտ պարգեւատունն  է ՝ Ինքը, Մեր Հայրը, որ  պարգեւեց  մեզի Յիսուսը եւ  մեր աւանդական նուէրներու փոխանակումը պէտք է արտայայտութիւնն ըլլայ  Աստուծոյ միակ պարգեւին ցոլացումին՝ որ է Իր Որդին, որ  մարդացաւ եւ ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ աշխատանքի կարեւորութեան մասին, զայն համարելով հրամայական՝ ըլլայ աշխատաւորին,  ըլլայ ընտանիքին համար, եւ այս առնչութեամբ շնորհակալութին յայտնեց Աստուծոյ՝ աշխատանքի տուած պարգեւին համար։

Խնդրեց ներկաներէն,  որ աղօթեն Իտալիոյ եւ համայն աշխարհին մէջ գտնուող գործազուրկ անթիւ մարդոց  ու անոնց ընտանիքներուն համար,  աղօթեն նաեւ այն մարդոց համար, որոնք վատ վարձատրութեամբ եւ արժանիքէ  զուրկ  աշխատանք կը կատարեն , եւ յաճախ  այնպիսի աշխատանքներ, որոնք վնասակար են առողջութեան ։

Սրբազան Հայրը  շեշտեց , թէ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, եւ իւրաքանչիւր անձ իր պատասխանատուութեամբ  պէտք է  յանձնառու գտնուի, այնպիսի  գործեր կատարելու  որպէսզի  աշխատանքը դառնայ արժանավայել , յարգալի  , արդար ՝մարդուն եւ ընտանիքին համար։ Ապա խօսքը ուղղելով Վատիկանի պաշտօնեաներուն , ըսաւ, որ հոս Վատիկանի մէջ  պատճառ մը աւելի   ունինք զայն լաւ  կատարելու համար, որովհետեւ  ունինք Աւետարանը,  եւ կը  հետեւինք եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուղղութիւններուն ։՝՝ Ոչ  երբեք սեւ աշխատանք­ եւ ոչ երբեք խաբէութիւն՝՝ ընդգծեց  Սրբազան Հայրը,  շնորհակալութիւն յայտնելով Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաներուն  իրենց կատարած աշխատանքին համար, գեղեցիկ նկատելով Վատիկանի այն իրողութիւնը, որ  փոքրիկ ըլլալով հանդերձ, կարելի է  զայն ամբողջութեամբ ընկալել իր զանազան պաշտօններով ,  որոնք ամբողջութիւն մը կը կազմեն  եւ բոլորը յոյժ կարեւոր կը նկատուին ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ , իր աւարտին հասած  ողորմութեան Սուրբ տարուան, յիշեցնելով, որ Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաները զայն նշած են , որուն  առաջին մասը սկիզբ առած է Պօղոս Զ դահլիճէն ,   եւ թափօրով հասած է  մինչեւ  Սուրբ Դուռ։

Շարունակելով խօսիլ  ողորմութեան սուրբ տարուան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց ,թէ Տէրը այս տարի  բոլորս ողողեց  իր ողորմածութեամբ, ապա  հարց  տալով ՝՝թէ արդեօք՝ այս  շնորհքը  վե՞րջ գտաւ Յոբելինական  սուրբ տարւոյն հետ. ո´չ, պատասխանեց  աւեցնելով,  թէ սոյն շնորհքը բոլորիս մէջ կը գտնուի, որովհետեւ   բոլորս  պէտք է զայն պտղաբեր դարձնենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ըլլայ  ընտանիքի ըլլայ  աշխատանքի ընթացքին եւ ՝ ամենուրէք։

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով  Սուրբ Պօղոսի Խօսքը՝ “թէ Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ  բոլորիս փրկութեան համար”,  ըսաւ, “Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ Յիսուսի մէջ.  Ան,  Աստուծոյ սիրոյ մարդեղութիւնն է՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ,  եւ այս միեւնոյն Սուրբ Հոգին ստացանք Սուրբ Մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդին մէջ,  սակայն պէտք է զայն ամէն օր  խնդրենք, եւ արթնցնենք  Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մեր մէջ՝  լաւ ապրելու համար այս աշխարհին մէջ, նաեւ Վատիկանի փոքրիկ աշխարհին մէջ, արդարութեամբ, ողորմածութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին արբեցումով”։

Ճառի աւարտին Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, խնդրեց անոնցմէ որ իր ողջոյնները փոխանցեն մանուկներուն, տարեցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, իչպէս նաեւ հիւանդներուն։

Բոլորին մաղթեց որ իրենց սրտերուն մէջ ունենան ողորմածութեան լիութիւնը,  Յոբելինական շնորհքով,  որ Յիսուս կու գայ զայն վերստին վառելու համար մեր մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.