2016-12-22 11:45:00

Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին Ս. Ծննդեան շնորհաւորական խօսքը Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, Վատիկանի Քլեմենթեան դահլիճին մէջ, Կարդինալական Դասի Աւագերէց Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ, Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական խօսք ուղղած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին։ Իր խօսքին մէջ մատնանիշ ըրած է Ողորմածութեան Յոբելինական բացառիկ Տարւոյն, որ իր դրոշմը թողած էր Եկեղեցւոյ կեանքին վրայ, աշխարհի բոլոր ծագերուն։ Աստուծոյ ողորմածութեան յայտնութեան սկիզբը կատարուած էր Փրկչի գալուստով։

“Մենք, ըսաւ Կարդինալ Սոտանօ, այս օրերուն Ձեր հետ կ՛ապրինք խոր հաղորդութեամբ, միշտ երախտագէտ այն լուսաւոր սիրոյ պատգամին համար, որ դուք կը շարունակէք խորացնել աշխարհի մէջ։

Մօտ ենք Ձեզի, Ձեր ջանքերուն մէջ, որ կը կատարէք ի նպաստ միջ-կրօնական երկխօսութեան եւ խաղաղութեան գործին, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած այս ողբերգական պահուն։ Մենք մեր կողմէ, պիտի աշխատինք հետեւիլ այն կոչին, որ Պետրոս Առաքեալ ուղղած էր առաջին քրիստոնեաներուն՝ ’Իրարու ծառայեցէք, իւրաքանչիւրը ըստ իր ստացած շնորհքին, իբրեւ ընտիր տնտեսներ՝ Աստուծոյ բազմապիսի շնորհքներուն’ (Ա. Պետր Դ. 10)։

Յարգելի եւ սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, այսօր բոլորս, իւրաքանչիւրը ըստ իր ստացած շնորհքին, կը ցանկանք շարունակել մեր համեստ ծառայութիւնը դնել՝ Ձեր, Եկեղեցւոյ Հովուի, եւ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ կատարած Բարի Սամարացիի առաքելութեան տրամադրութեան տակ։

Այս յանձնառութեամբ, այսօր կը հաւաքուինք Ձեր շուրջը, եւ Ձեզի խմբովին կը մաղթենք՝ ’Բարի Սուրբ Ծնունդ’”։








All the contents on this site are copyrighted ©.