Իցի՜ւ թէ փայլող աստղ մը եւս կարենար մեզ ալ առաջնորդել... «...Մոգերը չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այս աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին: Եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր» (Մտթ. 2, 9-10):
Մոգերը առաջինները չէին աստղի մը հետեւելու եւ անոր խորհուրդը գաղտնազերծելու: Հին նաւաստիները աստղերով կ'առաջնորդուէին՝ ծովերուն վրայ նաւարկելու ժամանակ: Յոյները, Պարսիկներն ու Եգիպտացիները աստղերուն մասին հետաքրքրական պատմութիւններ կտակած էին յետնորդներուն, եւ աստղերով ապագան կը գուշակէին:
Բանաստեղծները կը հայցէին աստղերուն օգնութիւնը՝ սէր որոնելու համար: Սակայն, Աւետարանի մէջ յիշուած աստղը տարբեր էր: Արդարեւ, այդ աստղն էր, որ մոգերն առաջնորդեց Արեւելքէն դէպի...Աստուածորդին:
Իցի՜ւ թէ փայլող աստղ մը եւս կարենար մեզ ալ առաջնորդել դէպի Յիսուս: Միթէ՞ կեանքը աւելի հեշտ պիտի չըլլար: Մենք, որ օրերս, բազմաթիւ ձայներ ու ձաբռտուքներ կը լսենք եւ այլազան մոլորեցուցիչ ճամբաներ բացուած կը տեսնենք մեր առջեւ, ի՞նչպէս գիտնանք, թէ որն է ուղիղ ճամբան որմէ ընթանալու ենք:
Պատասխանը հետեւեալն է. Աստուած մեզի տուած է աստղէ մը աւելի կարեւոր միջոց մը. Սուրբ Հոգին, «ճշմարտութեան Հոգին» (Յվհ. 16,13): Անիկա հեռաւոր աստղ մը չէ, այլ՝ մեր սրտին մէջ ապրող ու գործող կենդանի Աստուածն է:
Սորվի'նք Իրեն մտիկ ընելու կերպը:
Ըստ իս, կարեւոր կերպը ուղիղ ճանապարհէն ընթանալու՝ Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքն է: Դրուագներու եւ ուսուցումներու հաւաքածոյէն աւելի, Սուրբ Գիրքը «կենդանի է եւ ազդու» (Եբր. 4,12): Ի'նչ որ կը նշանակէ, թէ Հոգին Սուրբ կրնայ՝ հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած մէկ պատգամը արդիականացնել ու զայն մեզի հասկնալի դարձնել: Ան կրնայ մեզի յայտնել Աստուծոյ տածած սէրը մեզի հանդէպ, մեզ առաջնորդել, կամ ալ, մեզ մխիթարել փորձանքի ու փորձութեան ատեն:
Ջանանք մտիկ ընել Աստուածաշունչին: Անկէ գլուխ մը կամ համար մը զատենք ու հանդարտօրէն ու աղօթագին կարդանք: Ջանանք հեռացնել ցրումները մեր միտքէն՝ կեդրոնանալու համար Յիսուսի վրայ: Մենք մեզի հարց
տանք՝ միթէ՞ մեր կարդացածը մեզի անձնապէս կը խօսի: Եթէ բարի ու
խրախուսիչ է մեզի ներշնչուած մտածումները, ըսել է թէ Սուրբ Հոգին մեր մէջ իրապէս կը գործէ: Կը մնայ, որ այդ մտածումներուն վրայ խոկանք, թողլով, որ Ամենասուրբ Երրորդութեան Երրորդ Անձը, հետզհետէ մեր սիրտը լայնօրէն բանայ՝ Յիսուսն ընդունելու մեր կեանքին մէջ:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան.
All the contents on this site are copyrighted ©. |