2016-12-22 08:43:00

«Հայաստան-Իրան» Գործարար Համաժողով՝ զոյգ Նախագահներուն ներկայութեամբ


Հայ-իրանեան առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման նպատակով 21 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Իրան» գործարար համաժողովը, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին այս ծիրին մէջ չորրորդ երկկողմանի մեծ նախաձեռնութիւնը կը հանդիսանայ: Համաժողովը կազմակերպուած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին կողմէ: Համաժողովին ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի։

Համաժողովին մասնակցած են աւելի քան 170 գործարարներ, շուրջ 90ը՝ Իրանէն, որոնց կարգին նաեւ՝ հայ ձեռնարկատէրեր: Հայ եւ իրանցի գործարարները կը ներկայացնեն տնտեսութեան տարբեր ոլորտներ՝ ելեւմտական եւ դրամատնային, սնունդի վերամշակման, հիւսուածեղէնի, ոսկերչութեան, դեղագործութեան բժշկական իրերու եւ գիւղատնտեսական սարքերու, ճարտարագիտութեան, տեղեկատուական արհերստագիտութեան, շինանիւթի եւ այլն:

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան առթիւ ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ կայացած  հայ-իրանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած փաստաթուղթեր:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, մասնաւորապէս ստորագրուած են` «Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան միջեւ մարզական բնագաւառի մէջ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ արտակարգ իրավիճակներու բնագաւառուին համագործակցութեան մասին», «ՀՀ Պատմութեան թանգարանի եւ ԻԻՀ Ազգային թանգարանի միջեւ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիրները, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Մեղրի-Նուրդուզ սահմանային դարպասի համատեղ օգտագործման մասին» համաձայնագիրը, ընդունուած է նաեւ համատեղ յայտարարութիւն:

Քաղուած ''Ասպարէզէն'' եւ ''Եռագոյնէն'' 








All the contents on this site are copyrighted ©.