2016-12-21 09:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցը ''նոր աւետարանումի'' Քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի ապահովական մարմնի  մէկ ոստիկանի մը, անակնկալ այցելութիւն կատարեց , Քոնչիլիացիոնէ պողոտային վրայ գտնուող, նոր աւետարանումի Քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակ, անձամբ շնորհակալութիւն  յայտնելու համար յիշեալ ժողովի վարիչներուն եւ պաշտօնեաներուն, Ողորմածութեան Սուրբ Տարուան  կազմակերպութեան՝ իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին  համար

Սրբազան Հայրը նոր աւետարանումի խորհուրդի գրասենեակ հասած է առաւօտեան ժամը 11.20-ին, եւ դիմաւորուած է յիշեալ խորհուրդի նախագահ` Արքեպիսկոպոս Ռինօ Ֆիզիքելլայի կողմէ։ Ան շուրջ 15 վայրկեան զրուցած է ներկաներուն հետ։

Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, Օսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սոյն այցելութեամբ, ուզեց անձնապէս շնորհաւորել Սուրբ Ծնունդի տօնը, վերանորոգելով իր երախտագիտութիւնը,  Ողորմութեան Սուրբ տարուան առթիւ մեր կատարած աշխատանքին համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախութեամբ արտայայտուած է Ողորմութեան Սուրբ Տարուան փորձառութեան մասին, եւ յատուկէն յանձնարարած է  ողորմածութեան առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Վերջապէս Գերապայծաջ Ռինօ Ֆիզիքելլան, Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցը որակած է որպէս ''եղբայրական ժէսթ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.