2016-12-21 08:40:00

Ս. Ծննդեան առիթով Վոքալ երաժշտութեան երեկոյ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններու եւ կազմակերպութեամբ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան,  երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան առիթով վոքալ երաժշտութեան երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհիներ` Էմմա Ջոթեանի եւ Քլարա Կարապետեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիմոն Գալայճեանի:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ երաժշտութիւնը աստուածաշնորհ պարգեւ մըն է, որ սահմանուած է ազնիւ ապրումներ հաղորդելու մարդոց եւ պայծառացնելու անոնց մտքերն ու հոգիները: Ան հաստատեց, որ ճշմարիտ երաժշտութեան միջոցով ծիսակատարութեան ժամանակ հնչած երգը կը դառնայ աղօթք եւ երկնային ճշմարտութիւնները հոգիներուն մէջ դրոշմելու  ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկը: Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան յայտնեց նաեւ, որ երգը քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր միջոցներէն մէկն է: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին իր քաջալերանքին համար, Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան համերգի կազմակերպման աշխատանքներուն:

Հիասքանչ ու բարձրարուեստ կատարումներով Էմմա Ջոթեան եւ Քլարա Կարապետեան աւելի քան մէկ ժամ իրենց զուլալ ձայներով հմայեցին ներկաները եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը վերաթարմացուցին բոլորի սրտերուն մէջ: Խորհրդաւոր էին Ս. Ծնունդի շարականներն ու հոգեւոր երգերը, ինչպէս` «Աւետիս ծննդեան» եւ «Փրկչի ծնունդը», Ատոլֆ Ատամի «Օ Հոլի  նայթ», Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Նոր տարուան հանդէս», «Եղեւնին» եւ «Դինգ-դոնգ» երգերը: Հիանալի կատարումներ էին Քլարա Կարապետեանի  «Աւէ Մարիա»-ն եւ Էմմա Ջոթեանի «Փանիս Անժելիքուս» երգերը: Քաղցր հնչեց Կոմիտասի «Օրօր»-ը Քլարա Կարապետեանի կատարողութեամբ: Քլարա Կարապետեանի Եկմալեանի «Ամէն հայր սուրբ» շարականի գեղեցիկ երգեցողութեամբ յայտագիրը իր աւարտին հասաւ:

Խօսք առաւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր մարմնացումով անգամ մը եւս առիթ կը շնորհէ հանդիպելու իրեն հետ, շօշափելու իր ներկայութիւնը եւ ողորմութիւնը: Ան ըսաւ, թէ համերգը իւրաքանչիւրին համար հանդիպման առիթ էր Քրիստոսի հետ: Սեպուհ վրդ. Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի երգչուհիներ Էմմա Ջոթեանին եւ Քլարա Կարապետեանին, որոնք իրենց սքանչելի ձայներով ներկաներուն հոգիները եւ սրտերը բարձրացուցին առ արարիչը` ճաշակելու համար անոր անսահման սէրն ու գութը: Ան մաղթեց, որ Յիսուս մանուկին ծնունդը ըլլայ յոյսի նշոյլ մը հաշտութեան ու խաղաղութեան` ամբողջ աշխարհի մէջ, ապա` աղօթք բարձրացուց խնդրելով ամենակարող Աստուծմէ, որ դադրին պատերազմները եւ հալածանքները  ամէնուրեք, որ մայր հայրենիքը` Հայաստանը, ծաղկի ու բարգաւաճի, Արցախեան հիմնախնդիրը իր արդար լուծումը գտնէ, ջաւախահայութիւնը յոյսի եւ լոյսի օրեր ունենայ եւ Լիբանան վերագտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.