2016-12-21 08:59:00

Մոսկուայի եռակողմ հանդիպումը շեշտը կը դնէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան վրայ։


Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտը դրաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ աջակցեցաւ միջսուրիական բանակցութիւններու վերականգնման:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուան, Թեհրանն ու Անգարան կ’ողջունեն Հալէպի մէջ զինեալներու հեռացման շուրջ գոյացած փոխզիջումնային համաձայնութիւնը: Ան ըսաւ, որ այն երկիրները, որոնք Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւն կը պահանջէին, անդրադարձած են ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին, եւ այլեւս առաջնահերթութիւնը դարձած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Զարիֆ իր կարգին յոյս յայտնեց, որ Մոսկուայի հռչակագիրը արտայայտիչը դառնայ քաղաքական լուծման ջանքերուն եւ մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման: Իսկ Չաւուշօղլու շեշտը դրաւ Սուրիոյ միութեան աջակցութեան եւ անոր մասնատման դէմ կանգնելուն վրայ` աւելցնելով, որ սուրիական իշխանութիւնները պէտք չէ նեղութիւն զգան Թուրքիոյ գործողութիւններէն:

Նախքան այդ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած էր, որ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան պատրաստ են Սուրիոյ տագնապի լուծման երաշխաւոր կողմերը ըլլալու:

Քաղուած Ազդակ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.