2016-12-21 08:53:00

12 զոհ խլած Պերլինի յարձակումին մեղսակիցներիուն հետապնդումը կը շարունակուի։


Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին հաղորդեց, թէ ազատ արձակած է փաքիստանցի կասկածելի մը, որ մեղսակից կը նկատուէր մէկ օր առաջ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, մինչ յարձակումը իրականացնողին եւ իր գործակիցներուն հետապնդումը կը շարունակուի։

Յիշենք, որ Երկուշաբթի օր, բեռնակառք մը Պերլինի մէջ խուժած էր Կաղանդի աւանդական տօնավաճառի կեդրոն մը՝ սպաննելով 12 քաղաքայիններ եւ վիրաւորելով տասնեակներով ուրիշներ: Բեռնատարը կը պատկանի լեհական ընկերութեան մը, որուն սեփականատէրը պատմեց, թէ բեռնատարին վարորդը իր ազգականն էր, որ բեռը գերմանական պատուիրատու ընկերութեան պիտի հասցնէր Երկուշաբթի օր։ Սակայն աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ այդ վարորդը սպաննուած է բեռնատարը առեւանգած զինեալ ահաբեկիչին կողմէ, որ իր կարգին կրցած է փախուստ տալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.