2016-12-20 10:32:00

Դադրած են հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Քահանայապետին առօրեայ պատարագն ու քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծնունդի ու ամանորի տօներուն առիթներով, 19 դեկտեմբերէն սկսեալ եւ մինչեւ 9 յունուար 2017, դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագներն ու քարոզը։

Նշենք թէ Լատին ծէսին համաձայն քահանան ամէն օր պարտական է սուրբ զոհը մատուցել. այս պարտականութիւնն ունին նաեւ եպիսկոպոսներն ու նոյնինքն Քահանայապետը, ուստի վերոյիշեալ յայտարարութեան հանդերձ Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ իր առօրեայի պատարագները մատուցել­, սակայն առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։

Յայտնենք նաեւ թէ Քահանայապետի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ առօրեայ պատարագներու սովորութիւնը ներմուծած է Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Պետրոսի գահին վրայ բարձրանալէն անմիջապէս ետք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.