2016-12-20 09:02:00

Գերապայծառ Փիցցապալլա. Սուրիոյ. Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ իրավիճակը ողբերգական է։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ Քրիստոնեաներու իրավիճակը իսկական ողբերգութիւն է'' ըսաւ Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ` գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա` Սուրբ Ծննդեան առթիւ ունեցած իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Ան ապա աւելցուց թէ ''այս երկիրներուն մէջ որոնք մեր մշակոյթին օրրանն են, բռնութեան արտասովոր շրջափուլը` կը թուի անվերջ ու անյոյս''։

Գերապայծառ Փիցցապալլա նշեց նաեւ թէ Սուրբ Երկրի մէջ եւս կացութիւնը բարդ է ու թէ ծայրայեղականութեան ու արմատականութեան վտանգ կայ։ Ան ապա հաստատեց թէ հակառակ բոլոր այս մռայլոտ տեսութիւններուն, կան նաեւ փոքրիկ յոյսի լոյսեր, որոնք յատկապէս ի յայտ կու գան Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզութեան միջոցաւ ու անոր ցոյց տուած ուղեգիծին հետեւելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.