2016-12-20 09:20:00

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն ողջունեց Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը


Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատերազմի  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան:

Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը`  յայտարարելով, թէ «սա պահուն` Ս. եւ անմահ պատարագի խորհուրդով վերանորոգուած Թեհրանէն մեծ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը: Անցնող հինգ տարիներուն ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ապրեցան տագնապալից օրեր: Սակայն, շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ ամուր կամքին մեր ժողովուրդի զաւակները մնացին կառչած մեր եկեղեցւոյ, մեր հոգեւոր-բարոյական ու ազգային արժէքներուն եւ մնացին պատնէշի վրայ: Եւ այսօր մենք մեծ ուրախութեամբ կը բաժնենք ուրախութիւնը սուրիացի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը շարունակելով կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ հաւատքին մեր անհատական ու հաւաքական կեանքէն ներս ունեցած կենսական դերին վրայ` ըսելով. «Քրիստոսի ուսուցումներուն առանցքը կը կազմէր հաւատքը: Կեանքի տագնապալից կացութիւններուն ու պարագաներուն դիմաց Քրիստոս իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն թելադրեց հաւատք ունենալ. հաւատքով է, որ կարելի է կեանքի բոլոր տագնապները դիմագրաւել, ա՛յս էր Քրիստոսի պատգամը ժողովուրդին»:

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան` վեհափառը յիշեցուց, թէ «պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց մեր ժողովուրդը հաւատքով իր գոյութիւնը պահեց, որովհետեւ հաւատաց աստուածաշնչական արժէքներուն ու սկզբունքներուն, եւ քալեց Քրիստոսի ցոյց տուած ճանապարհէն: Աստուծոյ Որդին դարձնելով իր կեանքին մէջ ամէնօրեայ ու տիրական ներկայութիւն: Առանց քրիստոնէական հաւատքի պայծառակերպող ներկայութեան, հայ ժողովուրդը պիտի կորսուէր պատմութեան փոշիին տակ»:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հաւատքի հզօրութեամբ դժուարութիւնները դիմագրաւելու Սուրիոյ հայութեան քրիստոնէավայել ու հայավայել կեցուածքը: Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ ու Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք անցնող հինգ տարիներուն զանազան ձեւերով օժանդակեցին սուրիահայութեան պէտքերուն ու կարիքներուն:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն էր, նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը պէտք է դառնայ համահայկական առաջնահերթութիւն»: Ապա յիշեցուց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդութեամբ պիտի ծրագրուին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները»:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ  հոգեհանգստեան արարողութիւն, անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ անցնող օրերուն կատարուած ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ զոհուած ղպտի հաւատակիցներուն հոգիներուն համար:

Պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի դահլիճ, ուր ժողովուրդի եւ ժողովականութեան ներկայութեան երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Հայրապետական մաղթերգ»-ը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.