2016-12-19 12:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ՝՝Ացիոնէ Քաթթոլիքա՝՝ երիտասարդներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ    ընդունեց  Սուրբ Աթոռի մօտ Քորէայի նորանշանակ դեսպան Տիար Ժոնկիու Ժոնկը՝ հաւատարմագիրերը ներկայացումի առիթով, ապա՝ ընդունեց  Սուրբ Աթոռի տնտեսականութեան քարտուղարութեան կառավարիչ՝ կարդինալ Ժորժ Փել, որմէ ետք ընդունեց Քոնկոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահն ու փոխ նախագահը, հուսկ՝ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Asociacion Iberoamericana de Ministerios Publico" քաղաքական ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամներուն. Ուրուկուայէն՝ Տիար Խորխէ Տիազ, Պոլիվիայէն՝ Ռամիրօ Կուերրերոն, իսկ Արժանթինէն Ալեխանտրա Ժիլ Քարրոն։։

Ժամը 12.15 ին, Վատիկանի ՝՝Քոնչիսթորօ՝՝ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպեցաւ Իտալական եկեղեցական ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա''  շարժումի աւելի քան 70 անդամներուն հետ ու անոնց արտասանած  ողջոյնի խօսքին սկիզբը, նշելով Սուրբ Ծնդդեան տօնին մօտիկութիւնը Սրբազան Հայրը խնդրեց ներկաներէն, որ յիշեալ շարժումին բոլոր անդամներուն փոխանցեն  Յիսուսի  Սուրբ Ծննդեան իր բարի մաղթանքները։

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած՝ Յիսուսի ծնունդը աւետող հատուածը` ՝՝ Մի վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ կ՝աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ բոլոր ժողովուրդինը ։ Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ (Ղուկ 2, 10-11)։

''Յիսուսի ծնունդը աւետուած է որպէս մեծ ուրախութիւն՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը որովհետեւ,  Յիսուսի ծնունդով յայտնաբերուեցաւ , որ Աստուած մեզ կը սիրէ,  եւ Անոր Ծնունդի  միջոցաւ Աստուած   մօտեցաւ մեզի՝ մեզ Փրկելու համար։

՝՝Մենք Սիրուած ենք Աստուծմէ։ Ինչ սքանչելի իրողութիւն։ Երբ տխուր ենք ու մեզի կը թուի թէ ամէն բան սխալ կ՛ընթանայ, երբ բարեկամ մը կամ բարեկամուհի մը մեզ յուսախաբ կը թողու,  մտածենք. Աստուած մեզ կը սիրէ'', ''Ան երբեք մեզ չի լքեր։ Այո տղաք, մեր Հայրը միշտ հաւատարիմ  է եւ ոչ իսկ մէկ րոպէ կը դադրի մեզ սիրելէ ու մեր քայլերուն հետեւելէ։  Ասոր համար է, որ քրիստոնեայի սրտին մէջ միշտ   ուրախութիւն կայ։ Եւ այդ ուրախութիւնը կը բազմապատկուի երբ զայն  բաժնեկցինք։  Զայն վկայենք մեր յարաբերութիւններուն ընդմէջէն ՝ ընտանիքին, դպրոցի, ժողովրդապետութեան  մէջ եւ ամէնուրեք՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ընկերակցութեան կազմաւորման այս տարուամ ընտրած բնաբանին ՝՝շրջապատուած ուրախութեամբ՝՝  քաջալերելով զանոնք դառնալու Աւետարանի ուրախութեան առաքեալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա՝ եկեղեցական շարժումի երիտասարդներուն  թելադրեց, վարակիչ ուրախութիւնը բաժնեկցիլ յատկապէս իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն հետ, անոնց հետ զրուցելով որովհետեւ՝ անոնք ունին կեանքի փորձառութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց ներկաները վարակիչ դարձնեն նաեւ իրենց խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը մատնանշելով անոնց Նափոլի քաղաքին մէջ թշուառ պատանիներուն յատկացուած մէկ ձեռնարկին։

Սրբազան Հայը խօսքը աւարտեց ողջունելով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի երիտարդները անոնց դաստիարկներն ու  ազգային պատասխանատուները, շնորհակութիւն յայտնելով   այս վերջիններուն` անոնց քրիստոնէական դաստաիարկութեան ի սպաս յանձնառութեան համար, ապա բոլորին մաղթեց  շնորհաւոր Սուրբ Ծննուդ, հայցելով  անոնց վրայ Աստուածամօր հովանին ու ինչպէս միշտ խնդրեց,  որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.